ԱՆՎՀԱՏ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Երէկ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խըմ-բակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպըր-չիկ այցելեցին Երեւան։ Միջնորդները, որոնք ներկայիս ուղեւորութեան մը ձեռնարկած են դէպի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան, բարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցան Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ։ Օրուան տեւողութեան անոնք հանդիպումներ ունեցան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հետ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան ողջունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու Հայաստան այցելութիւնը եւ կարեւորեց անոնց դերակատարութիւնը՝ որպէս Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային միջազգային լիազօրութեան տէր միակ ձեւաչափը։ Փաշինեան շեշ-տեց հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ հակամարտ բոլոր կողմերու յանձնառութեան անհրաժեշտութիւնը։

Զրոյցի տեւողութեան վարչապետը եւ համանախագահները անդրադարձան Հայաստանի վերջին քաղաքական փոփոխութիւններուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացի թափին։ Կարծիքներ փոխանակուեցան անցեալ Սեպտեմբերի վերջաւորութեան Տուշանպէի մէջ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման եւ ապահովուած պայմանաւորուածութիւններուն վերաբերեալ։ Նիկոլ Փաշինեան կարեւորեց այդ համաձայնութիւններու պահպանումն ու արդիւնաւէտ իրականացումը։ Արդարեւ, անոնք պիտի նպաստեն փոխադարձ վստահութեան եւ խաղաղ գործընթացի համապատասխան մթնոլորտի մը ձեւաւորման։ Զրոյցի ընթացքին նախանշուեցան ապագայ հաւանական քայլերը։ Եռանախագահներու հետ զրուցելու ժամանակ Նիկոլ Փաշինեանի կողքին էր Զօհրապ Մնացականեան։

Նոյնպէս պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, միջնորդները Զօհրապ Մնացականեանի հետ տեղի ունեցած զրոյցին ժամանակ եւս կարծիքներ փոխանակեցին Հայաստանի նոր իշխանութեան ձեւաւորումէն ի վեր Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի շուրջ տեղի ունեցած հանդիպումներու եւ համանախագահներու տարածքաշրջան կատարած այցելութիւններուն շուրջ։ Մնացականեան գոհունակութիւն յայտնեց ցայսօր այդ առումով ձեւաւորուած դրական թափին կապակցութեամբ։ Նախարարն ու եռանախագահները եւս անդրադարձան Փաշինեանի եւ Ալիեւի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման եւ ապահովուած համաձայնութիւններուն։ Զօհրապ Մնացականեան շեշտեց, որ այդ բոլորը ուղղուած են խաղաղութեան մթնոլորտի ձեւաւորման ու խթանման։ Նախարար Մնացականեան ընդգծեց նաեւ, որ այժմէական մնալ կը շարունակէ ռազմատենչ եւ ապակառուցողական հռետորաբանութենէ հեռու մնալու անհրաժեշտութիւնը։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան եռանախագահութեան ձեւաչափի մէջ նախատեսուած յետագայ քայլերը։ Երեւանէ վերջ համանախագահները պիտի այցելեն Ստեփանակերտ, ուր պիտի հիւրընկալուին Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարութեան կողմէ։ Արցախէ հրաժեշտ առնելէ վերջ անոնք պիտի ուղղուին Պաքու, ուր պիտի տեսակցին Ատրպէյճանի ղեկավարութեան հետ։ Զօհրապ Մնացականեան նշեց, որ այս բոլորէն վերջ հնարաւորութիւն կ՚ըլլայ առաւել համապարփակ կերպով գնահատելու ապագայ քայլերը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 30, 2018