ԴԱՐՁԵԱԼ ՍԱՀՄԱՆԱԽԱԽՏ

Թուրքիա-Հայաստան սահմանին վրայ խախտման դէպքերը կը շարունակուին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի ռուս սահմանապահ զօրքերը հերթական անգամ ձերբակալեցին անձ մը, որ ապօրինի ձեւով Թուրքիայէն Հայաստան անցած էր։ Այսպէս, Արտաշատի սահմանապահ ջոկատի զինուորները ձերբակալեցին այդ անձը, որու մօտ որեւէ փաստաթուղթ գոյութիւն չունէր։ Սկզբնական տուեալներով սահմանախախտը Աֆղանիստանի քաղաքացի է։ Ըստ նոյն տուեալներուն, սահմանախախտը կեանքի լաւ պայմաններու փնտռտուքով առանց խոչընդոտի անցած է Փաքիստան-Աֆղանիստան, Աֆղանիստան-Իրան եւ Իրան-Թուրքիա սահմանները։ Միայն Հայաստան մտնել փորձելու ժամանակ ենթական ձերբակալուած է ռուս սահմանապահներու կողմէ։ Սահմանախախտը փոխանցուած է Հայաստանի համապատասխան մարմիններուն՝ որպէսզի այս դէպքի վերաբերեալ բոլոր հանգամանքները պարզուին։

Վերջին շաբաթներուն Թուրքիա-Հայաստան սահմանին վրայ նմանօրինակ դէպքերը դարձած են յաճախակի։ Միջոց մը առաջ, բացի անհատներէ, չորս հոգինոց խումբ մը փորձած էր խախտել Հայաստանի սահմանը։ Այդ բոլոր դէպքերու պարագային ռուսական սահմանապահ զօրքերը կասեցուցած էին ենթակաները։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 30, 2018