ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՕԴԱԿԱՅԱՆ

Երէկ, հանդիսաւոր ու պատմական արարողութիւնով մը բացուեցաւ Իսթանպուլի նոր օդակայանը։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ ան պիտի կոչուի Իսթանպուլի օդակայան։ Այս տարուան Հանրապետութեան տօնը բնորոշուեցաւ Իսթանպուլի օդակայանի պաշտօնական բացման փառաշուք արարողութեամբ։ Նախագահ Էրտողանն ալ, մայրաքաղաք Անգարայի աւանդական արարողութիւններէն վերջ, 29 Հոկտեմբերի պաշտօնական ընդունելութիւնը սարքեց նոր օդակայանի համալիրէն ներս։

Երէկուան բացումը կատարուեցաւ բազմահազար հրաւիրեալներու ներկայութեամբ։ Նախագահ Էրտողանի գլխաւորութեամբ ամբողջ պետական աւագանին ներկայ էր հաւաքոյթին։ Հասարակութեան բոլոր խաւերէն հիւրեր ալ հրաւիրուած էին այս ձեռնարկին։ Օտարերկրեայ պետութիւններէ ղեկավարներ եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ ալ մասնակցեցան բացման արարողութեան, որու ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան նախագահ Էրտողան, Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Պինալի Եըլտըրըմ եւ այլք։

Նոր օդակայանին մէջ Էրտողան արտասանեց խանդավառ ճառ մը։ Ան բացատրեց, թէ որքան վիթխարի ներդրումով որքան լայնածաւալ աշխատանք մը տարուած էր՝ որքան կարճ ժամանակի ընթացքին։

Ճառախօսութեան աւարտին Էրտողան հիւրերու ներկայութեամբ յառաջ տարաւ խորհրդանշական ձողը եւ նոյնպէս խորհրդանշականօրէն օդակայանէն թռիչք առաւ առաջին օդանաւով։

Իսթանպուլի օդակայանի կառուցումով յառաջիկայ շրջանին փոփոխութեան պիտի ենթարկուի ամբողջ Եւրոպայի օդագնացութեան դրուածքը։ Երեք ցամաքամասերու սրտին վրայ կառուցուած մեծ օդակայան մըն է այս մէկը։ Երէկուան բացումով կը սկսի օդակայանի միայն առաջին բաժնի շահագործումը։ Այս առաջին բաժինը ունի տարեկան 90 միլիոն ուղեւորի սպասարկելու տարողութիւն։ Ընդամէնը չորս բաժինէ բաղկացեալ օդակայանի միւս բաժիններու կառուցումը պիտի իրականացուի յառաջիկայ տարիներուն։ Այսպէսով Իսթանպուլի օդակայանի տարողութիւնը պիտի բարձրանայ 150 միլիոն ուղեւորի։ Իսթանպուլի օդակայանի օգտագործումով Թուրքիա մեծ ոստում մը պիտի ընէ միջազգային օդագնացութեան բնագաւառին մէջ ու պիտի դառնայ համաշխարհային նշանակութեամբ առանցք մը, տարանցման յառաջատար կեդրոն մը։

Միւս կողմէ, Իսթանպուլի նոր օդակայանի բացման արարողութեան մասնակցեցան նաեւ փոքրամասնական համայնքներու ներկայացուցիչներ։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու ներկայ գտնուեցան երէկուան բացման արարողութեան եւ յաջորդած պաշտօնական ընդունելութեան։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 30, 2018