ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԱՐՔԱՅԱԶՆ ՉԱՐԼԶԻ 70-ԱՄԵԱԿԻՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նա-խագահ Արմէն Սարգսեան եւ Առաջին տիկին Նունէ Սարգսեան վերջերս Լոնտոնի մէջ մասնակցեցան արքայազն Չարլզի ծննդեան 70-ամեակին նուիրուած յոբելենական հաւաքոյթին։ Իշխանի 70-ամեակին ձօնուած տօնական ձեռնարկները տեղի ունեցան Պաքինկըմի պալատին մէջ, անցեալ շաբաթավերջին։ Սարգսեան ամոլը յոբելեանին մասնակցեցաւ Անգլիոյ արքունիքին հրաւէրով։

Միւս կողմէ, Արմէն Սարգսեան երէկ Մինսք մեկնեցաւ Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի հիմնական խումբի հանդիպման մասնակցելու նպատակով։ Այցելութեան ընթացքին ան կը տեսակցի նաեւ Սպիտակ Ռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հետ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 30, 2018