ԱՄՆ-Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՏՈՒՆԸ ՀԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆ ՏՈՒԱՒ ՀԱՅԱՆՊԱՍՏ ԲԱՆԱՁԵՒԻ ՄԸ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը երէկ ընդունեց հայանպաստ բանաձեւ մը, որով 1915 թուականի դէպքերը ճանչցուեցան որպէս ցեղասպանութիւն։ Թիւ 296 այս բանաձեւը Ներկայացուցիչներու տան մէջ դրուեցաւ քուէարկութեան եւ ընդունուեցաւ ձայներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ։ Արդարեւ ամերիկացի խորհրդարանականները ձայներու 405-11 յարաբերակցութեամբ հաւանութիւն տուին նախագծին։ 3 խորհրդարանական մնաց ձեռնպահ, իսկ 14 խորհրդարանական չքուէարկեց։ Այժմ նոյն խնդիրը պիտի գայ ԱՄՆ-ի Ծերակոյտի օրակարգին վրայ՝ իբրեւ թիւ 150 բանաձեւ։ Եթէ այնտեղ ալ այսպիսի մեծամասնութիւնով մը ընդունուի նախագիծը, ապա ԱՄՆ-ի կողմէ պաշտօնապէս ճանաչում գտած պիտի ըլլան հայոց տեսակէտները՝ անկախ նախագահ Տանըլտ Թրամփի դիրքորոշումէն եւ անոր հաւանութեան անհրաժեշտութենէն։ Արդարեւ, ԱՄՆ-ի մէջ եթէ նախագիծ մը թէ՛ Ծերակոյտի եւ թէ Ներկայացուցիչներու տան անդամներու երկու երրորդի հաւանութեամբ ընդունուի, ապա նախագահի վաւերացումը անհրաժեշտ չի նկատուիր։
Հարկ է նշել, որ նման բանաձեւ մը 2010 թուականին ալ եկած էր օրակարգի վրայ եւ Թուրքիոյ հակազդեցութեան հիման զուգահեռ այդ շրջանի նախագահ Պարաք Օպամա միջամտած էր գործընթացին։
Երէկ ընդունուած բանաձեւը կը կրէ՝ «Հաստատելով հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու արձանագրութիւնները» վերնագիրը։ Բանաձեւի բովանդակութեան մէջ թուարկուած են այս խնդրին վերաբերեալ ԱՄՆ-ի դիրքորոշման տեսակէտէ յատկանշական զանազան պարագաներ։ Երեւանի ղեկավարութիւնը դրական արձագանգեց բանաձեւի ընդունման։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան ողջունեցին այս որոշումը։
ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ
Միւս կողմէ, Թուրքիա բուռն հակազդեցութիւն ցոյց տուաւ այս բանաձեւի ընդունման դէմ։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց պաշտօնական յայտարարութիւն մը, ուր բանաձեւուած է Անգարայի բողոքը։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալընն ալ հանդէս եկաւ նման բովանդակութեամբ յայտարարութիւններով։ Ըստ նախարարութեան յայտարարութեան, Թուրքիա այս որոշումը կը համարէ մերժելի։ Այդ բանաձեւը ընդունուած է ներքին քաղաքական դրդապատճառներով եւ զուրկ է պատմական ու իրաւական հիմքէ։ Այդ որոշումը որեւէ վաւերականութիւն չունի յաչս թրքական կառավարութեան եւ ժողովուրդին։ Իրականութեան մէջ որոշումը պարտաւորիչ բնոյթ մըն ալ չունի։ Սա ԱՄՆ-ի հայկական լոպին եւ հակաթուրք շրջանակները գոհացնելու ուղղեալ քաղաքական քայլ մըն է եւ ատկէ զատ իմաստ մը չի ներկայացներ։ Նախարարութիւնը մատնանշած է, որ միջազգային իրաւունքի մէջ գոյութիւն չունի որեւէ որոշում, որով 1915 թուականի դէպքերը որակուած են որպէս ցեղասպանութիւն։ Ընդհակառակն, Եւրոպայի մարդու իրաւանց ատեանը վճիռ արձակած է, թէ այս նիւթը իրաւական վէճի մը նիւթն է։ Տուեալ ժամանակահատուածին պատահած դէպքերը մաս կը կազմեն ո՛չ թէ քաղաքականութեան, այլեւ պատմագիտութեան ոլորտին։ Յիշեցուած է, որ 2005 թուականին Թուրքիոյ կողմէ յղացուած պատմական համատեղ յանձնաժողովի մը ստեղծման առաջարկը մերժուած է Հայաստանի կողմէ։ Այս որոշումը ստուեր կ՚ածէ ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու տան հեղինակութեան վրայ եւ բացասաբար պիտի անդրադառնայ Թուրքիոյ հասարակութենէն ներս ԱՄՆ-ի ընկալման։ Յիշեցուած են նաեւ Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի միջեւ դաշնակցային կապերն ու բարեկամական յարաբերութիւնները։ Այդ բոլորին նկատմամբ նախանձախնդիր ամերիկացիները այս մեծ սխալը պիտի հարցաքննեն եւ պատասխանատուները պիտի դատապարտուին ԱՄՆ-ի ժողովուրդի խղճին մօտ։
Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ շեշտուած է, որ ԱՄՆ-ի վարչախումբի 1915 թուականի դէպքերու վերաբերեալ դիրքորոշման անփոփոխ մնալը արձանագրուած է։