ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԵՆԱՀԻՆ ԳՆԴԱԿՆԵՐԸ

Չինաստանի մէջ գտած են Եւրոասիոյ ամենահին կաշիէ գնդակները։ Այսպէս, գտածոն մօտաւորապէս 3 հազար տարեկան է, ինչ որ կը փաստէ՝ Եւրոասիոյ տարածքին գնդակ խաղալու ամենավաղ վկայութիւնը։ Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են «Journal of Archaeological Science: Reports» հանդէսին մէջ։ Գնդակով խաղերը աշխարհի մէջ տարածուած են  հին ժամանակներէն:

Ամենաառաջին խաղագնդակները, որոնք ծանօթ են ներկայիս, շուրջ 4500 տարի առաջ Եգիպտոսի մէջ պատրաստուած են կերպասէ։

Կեդրոնական Ամերիկայի բնակիչները քաուչուկէ գնդակ խաղացած են արդէն 3700 տարի առաջ, որու մասին կը վկայեն խաղերու համար նախատեսուած քարահարթակները եւ խաղացողներու պատկերները:

Մինչեւ հիմա կը կարծէին, թէ կաշիէ գնդակը ժամանակակից ֆութպոլի կամ վոլէյպոլի գնդակի նախատիպն է, որ Յունաստանի մէջ յայտնուած է շուրջ 2500 տարի առաջ, իսկ 300 տարի աւելի վերջ՝ Չինաստանի մէջ:

Բայց վերջին բացայայտումը ստիպեց, որ Զուիցերիոյ, Գերմանիոյ եւ Չինաստանի գիտնականները վերանային այդ տեսակէտը:

Երեք կաշիէ գնդակները գտնուած են Չինաստանի հիւսիս-արեւմտեան Թուրֆան քաղաքի մօտակայքին գտնուող Եանհայի հին գերեզմանատան մէջ։ Հետազօտութիւններու արդիւնքին պարզուեցաւ, որ խաղագնդակները հին յունականներէն աւելի հին են: 7.4-9.2 սանդիմեթրի միջեւ տրամագիծով գնդակները գիտնականները թուագրած են 2900-3200 տարեկանի միջեւ։

«Այդ գնդակները մօտաւորապէս հինգ դարով աւելի հին են, քան ամենահին յայտնի խաղագնդակները Եւրոասիոյ մէջ։ Ցաւօք, անբաւարար հնագիտական տեղեկատուութիւններով կարելի չէ պատասխանել այն հարցումին թէ, յատկապէս ինչպէ՞ս խաղացած են այդ գնդակներով», ըսած է Զիւրիխի համալսարանի արեւելագիտութեան եւ Ասիայի կաճառի աշխատակից Փաթրիք Վերտման։ 

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 30, 2020