ԱՊՊԱՍ ԱՐԱՔՉԻ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Իրանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Ապպաս Արաքչի՝ յատուկ բանագնացի կարգավիճակով կը շարունակէ իր ուղեւորութիւնը դէպի այն մայրաքաղաքները, որոնք ուղղակիօրէն շահագրգռուած են Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմով։ Արաքչի, որ նախ այցելեց Պաքու, աւելի վերջ անցաւ Մոսկուա, ուր ընդունուեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Անտրէյ Ուտենքոյի կողմէ։ Ծանօթ է, որ Թեհրան հանդէս կու գայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղեալ նոր նախաձեռնութիւնով մը, որով գլխաւոր դերը կը նախատեսուի տարածքաշրջանի երկիրներուն համար։ Արաքչի նշեց, որ Իրան տարածքաշրջանային մօտեցում առաջարկած է այն երկիրներուն, որոնց հիմնական դերը այս ճգնաժամի լուծումն է։ Ռուսաստանն ալ կարեւորագոյն երկիրներէն մին է տարածքաշրջանէն ներս։ Իրանի նախաձեռնութիւնը հիմնուած է մարդասիրական սկզունքներու եւ հակամարտ կողմերու պահանջներուն վրայ։ Նախաձեռնութիւնը կ՚ընդգրկէ հրադադար, բնակելի տարածքներու եւ քաղաքացիներու դէմ յարձակումներու դադրեցում եւ տեղահանեալներու վերաբնակեցում։ Արաքչի նշած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման մէջ անարդիւնաւէտութիւն ցոյց տուած է։ Իրանական կողմը կը յայտնէ, որ այս փուլին պատասխանատուութիւն կը ստանձնէ՝ նպաստելու համար տագնապի լուծման։

Իրանցի դիւանագէտը, որ Պաքուի մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ հիւրընկալուեցաւ, երէկ երեկոյեան ժամերուն ալ Երեւանի մէջ ընդունուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի կողմէ։ Հանդիպման ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմի հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս ստեղծուած իրավիճակին եւ տարածքաշրջանային անվտանգութեան խնդիրներուն շուրջ։ Կողմերը անհանգստութիւն յայտնեցին դէպի տարածքաշրջան Մերձաւոր Արեւելքէ ահաբեկիչներու տեղափոխման կապակցութեամբ։ Անոնք այս խնդիրը լուրջ սպառնալիք մը համարեցին ամբողջ տարածքաշրջանի տեսակէտէ։

Զօհրապ Մնացականեան ընդգծեց, որ Հայաստան կը հասկնայ Իրանի զգայնութիւնները տարածքաշրջանային անվտանգութեան նոր սպառնալիքներուն առընչութեամբ։ Ան կարեւորեց Թեհրանի դերակատարութիւնը տարածքաշրջանէ ներս կայունութեան եւ խաղաղութեան պահպանման առումով։ Արաքչի ներկայացուց իր երկրի մօտեցումները ստեղծուած իրավիճակի յաղթահարման եւ հրադադարի մը հաստատման ուղղութեամբ։ Մնացականեան նշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի վերաբերեալ Իրանի մօտեցումները կ՚ուսումնասիրուին հանգամանօրէն։ Մնացականեան զրուցակիցին տեղեկացուց նաեւ, որ այսօր Ժընեւի մէջ կը հանդիպի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն  հետ եւ այդ ձեւաչափով աշխատանքները կը շարունակուին։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 30, 2020