ԱՐԺԷՔԱՒՈՐ ԳՏԱԾՈՅ

Թայուանի Լանիուի կղզիի բնակիչը կէտձուկի փսխունք գտած է եւ դարձած՝ միլիոնատէր։

Լանիուի կղզիի Լի անունով բնակիչը լողափին գտած է կէտձուկի կարծրացած փսխունք, ինչ որ գնահատած են 210 հազար ամերիկեան տոլար: Այս լուրին անդրադարձած է «Taiwan News» պարբերականը։

Լի յայտնաբերած է 4 քիլօկրամնոց սեւ քար մը, որ անուշ հոտ կ՚արձակէր, ան մարտ ամիսին որոշեց զայն տուն տանիլ։ Լիի ընկերը անոր խորհուրդ տուած է գտածոյէն կտոր մը յանձնել Հաոսիունի Ազգային համալսարան: Կենսաբանագէտ տոցենթ Չենկ Շի-Եէն հոկտեմբերի 7-ին հաստատած է, որ այդ մոխրագոյն կտորը յամպար է (յամպար=անուշահոտ նիւթ, ամպէր չիչէղի), որ չափազանց հազուագիւտ եւ արժէքաւոր նիւթ մըն է:

Գիտնականը նշած է, որ մոխրագոյն յամպարը կը ձեւաւորուի կէտձուկի մարսողական համակարգին մէջ ու զայն յաճախ կ՚անուանեն «կէտձուկի փսխունք» կամ «լողացող ոսկի»:

Յամպարը կ՚օգտագործեն անուշահոտերու արտադրութեան բնագաւառին մէջ։ Այդ գտածոյի 1 քիլօկրամը շուկայի վրայ կ՚արժէ մօտաւորապէս 50 հազար տոլար։ Լի կը քննարկէ գտածոն վաճառելու միջոցները, իսկ ստացած գումարը ան պիտի ծախսէ իր ընտանիքին։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 30, 2020