ԸՍՏ ՓՈՒԹԻՆԻ, ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿԱՐԱԺԱՄԿԷՏ ԿԱՐԳԱՒՈՐՈՒՄԸ ՀՆԱՐԱՒՈՐ Է՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՇԱՀԵՐՈՒ ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՊԱՆՈՒՄՈՎ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման համար պէտք է հաւասարակշռութիւն մը գտնել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի շահերուն միջեւ։

«ԹԱՍՍ» գործակալութեան հաղորդումներով, Փութին երէկ տեսակապով մասնակցեցաւ «Ռուսաստանը կը կանչէ» ներդրումային հիմնադրամի համաժողովին, որու մասնակիցներէ մէկուն խնդրանքին ընդառաջ անդրադարձաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման։ Ան կրկնեց իր տեսակէտը, ըստ որու այս հակամարտութիւնը սկիզբ առած է էթնիք բախումներու հետեւանքով, Խորհրդային Միութեան այդ ժամանակուայ իշխանութիւնները չեն կրցած քայլերու ձեռնարկել մարդոց անվտանգութեան ապահովման համար։ «Էթնիք հողի վրայ կատարուած բացասական իրադարձութիւններու հետեւանքով հայերը զէնք վերցուցին իրենց ձեռքը եւ այդ բանը անձամբ ըրին», ըսաւ Փութին եւ աւելցուց, որ իւրաքանչիւր հակամարտ կողմ ունի իր ճիշդը եւ այս հակամարտութիւնը չունի դիւրին լուծումներ, որովհետեւ հանգոյցը շատ պինդ կապուած է։ Ռուս ղեկավարի համոզմամբ, այս հարցի կարգաւորումով մարդիկ պէտք է կարողանան ինքզինքնին ապահով զգալ, պէտք է ստեղծուին արդիւնաւէտ տարածքաշրջանային զարգացման պայմաններ եւ ենթակառուցուածքային բոլոր միջոցներու ապաարգելափակման հնարաւորութիւններ։ Այս բոլորին համար, ըստ Փութինի, առաջին փուլին պէտք է դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները, մարդկային կորուստները ու պէտք է նստիլ բանակցային սեղանի շուրջ։ Ուստի, հակամարտութեան երկարաժամկէտ կարգաւորումը հնարաւոր է միայն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդներու շահերու հաւասարակշռութիւնը հաշուի առնելու պարագային։

Բաց աստի, Վլատիմիր Փութին նշեց, որ Ռուսաստան ի սկզբանէ խօսած է Ատրպէյճանին Հայաստանի կողմէ գրաւուած նախ հինգ, ապա նաեւ միւս երկու շրջաններու փոխանցման մասին։ «Մենք ի սկզբանէ մեկնակէտ ունէինք այն միտքը, թէ պէտք է խօսիլ Ատրպէյճանի հինգ, ապա եւս երկու շրջաններու վերադարձի հնարաւորութեան մասին՝ Ղարաբաղի համար որոշակի վարչակարգի եւ Հայաստանի հետ գործակցութեան ապահովմամբ», ըսաւ Փութին։

Փութինի երէկուան այս ելոյթը արձագանգ գտած է նաեւ թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ։ Այսպէս, որոշ թերթեր կը գրեն, որ ռուս ղեկավարը յայտնած է, թէ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ պէտք է գտնուին նաեւ Թուրքիան ու ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի անդամ այլ երկիրներ։

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ հերթական անգամ յայտարարեց, որ օտարերկրեայ զինեալներու Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին մասնակցութիւնը մտահոգութիւն կը պատճառէ Մոսկուային։ «Շարունակուող ռազմական գործողութիւնները, Մերձաւոր Արեւելքէն մեկնած զինեալներու՝ ռազմական գործողութիւններու մասնակցութեան ծաւալի աճը խորապէս կը մտահոգէ մեզ։ Զգալիօրէն աճած են հակամարտ կողմերու տնտեսութիւններու եւ հանրութիւններու կրած վնասները», ըսաւ բանբերը եւ աւելցուց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ձեռնարկած ջանքերու շրջանակներէն ներս հակամարտութեան խաղաղ լուծումը այլընտրանք չունի։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Մարիա Զախարովա ցաւ յայտնեց, որ հակամարտութեան գօտիէն ներս իրավիճակը կը մնայ բարդ, ռազմական կացութիւնը կը պահպանուի։ Այս պայմաններուն ներքեւ՝ իրավիճակի շուտափոյթ լիցքաթափման եւ բանակցային գործընթացի վերսկսման նպատակով ջանքերը կը շարունակուին։ Զախարովա նաեւ ցաւ յայտնեց, որ հակամարտութեան գօտիէն ներս հրադադարի հաստատման ուղղեալ հերթական միջազգային փորձն ալ յաջողութեան չէ հասած։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 30, 2020