ԺԸՆԵՒԻ ԵՐԷԿՈՒԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՏԵՂԻ ՉՈՒՆԵՑԱՒ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու մասնակցութեամբ երէկ Ժընեւի մէջ նախատեսուած հանդիպումը վերջին պահուն ջնջուեցաւ։ Երեկոյեան Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան յայտարարեց, որ ռազմաճակատի իրադարձութիւններով պայմանաւորուած իրավիճակով ու որոշ լոժիստիք հանգամանքներով յետաձգուած է այդ տեսակցութիւնը։ Այսօր Զօհրապ Մնացականեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Ժընեւ, ուր կը տեսակցի միայն եռանախագահներուն հետ։ Ըստ Աննա Նաղդալեանի, Հայաստանի համար առաջնահերթ է հրադադարի դրութեան հաստատումն ու համապատասխան վերահսկման միջոցներով ամրապնդումը։ Ուստի, Ժընեւի այսօրուան հանդիպման օրակարգը կը ձեւաւորուի այս առանցքին շուրջ։

Պաքուի աղբիւրներն ալ հաղորդեցին, որ Ճէյհուն Պայրամով այսօր Ժընեւ կ՚այցելէ հանդիպելու համար բացառապէս Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ։ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լէյլա Ապտուլլաեւա նշեց, որ ներկայիս Պաքուի դիւանագիտական ջանքերը ուղղուած են բանակցութիւններու նոր ժամկէտներու համաձայնեցման։

Երէկուան ջնջուած եւ այսօրուան սահմանափակ ձեւաչափով յետաձգուած հանդիպման մթնոլորտին մէջ Զօհրապ Մնացականեան շարունակեց բազմակողմանի շփումները։ Ան երէկ օրուան տեւողութեան հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Եւրոմիութեան Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գծով գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելի, ինչպէս նաեւ Ուրուկուայի Արտաքին գործոց նախարար Պուստիժօ Պոնասոյի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Մնացականեան-Պորել հեռախօսազրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Ուաշինկթընի մէջ երրորդ անգամ վերահաստատուած, սակայն ձախողած մարդասիրական հրադադարի խախտումներուն հետեւանքով Արցախի քաղաքացիական բնակչութեան եւ ենթակառուցուածքներու շարունակական թիրախաւորման։ Հայկական կողմը կը շարունակէ բուռն քննադատութիւններ հասցէագրել նաեւ Անգարային։ Ի շարունակութիւն, Մնացականեան Պորելի հետ զրուցելու ընթացքին նշեց, որ Հարաւային Կովկասէ ներս Թուրքիա ապակայունացնող գործողութիւններ կը կատարէ։ Ըստ իրեն, սա սպառնալիք է տարածքաշրջանի ու միջազգային անվտանգութեան համար։ Մնացականեան վերահաստատեց հայկական կողմի յանձնառութիւնը հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման միջազգային լիազօրութեան տէր միակ ձեւաչափի՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան միջնորդութեան շրջանակներէն ներս։ Երկուստեք ընդգծուեցաւ հրադադարի պայմանաւորուածութիւններու կատարման եւ կայուն, վստահելի դրութեան մը հաստատման անհրաժեշտութիւնը։

Բաց աստի, ռուսական «ՌԻԱ Նովոստի» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ Մնացականեան յայտնեց, որ Երեւան կ՚աջակցի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս դիտորդներու տեղակայման։ Ըստ իրեն, հաշտութեան որեւէ դրութիւն չի կրնար ներառել անոնք, որոնք չէզոք չեն գործեր ու կը վարուին որպէս հակամարտութեան կողմ։ Մարդասիրական հրադադարի պայմանաւորուածութիւններէն Ատրպէյճանի հրաժարումը ցոյց կու տայ, որ ան շահագրգռուած չէ կայուն եւ ստուգելի հրադադարի մը հաստատումով։

Նոյն հարցազրոյցին մէջ Զօհրապ Մնացականեան յայտնեց, որ Թուրքիա այս հակամարտութիւնը կը դիտարկէ՝ որպէս մէկ այլ հարեւան տարածքաշրջանի՝ Հարաւային Կովկասի մէջ իր ազդեցութիւնը նախագը-ծելու հնարաւորութիւնը։ Արդեօք Հայաստան կը համաձայնի՞ հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւններուն Թուրքիոյ մասնակցութեան։ Ի պատասխան՝ Մնացականեան դիտել տուաւ, որ Թուրքիա անկողմնակալ դերակատար մը չէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համատեսքին մէջ։ Ան չէ եղած անկողմնակալ կամ չէզոք երկիր մը։ Մնացականեան յիշեցուցած է հայկական կողմի մօտեցումները, ըստ որոնց Անգարա մարդասիրական հրադադարներու տապալման ուղղութեամբ ունի կարեւոր ազդեցութիւն։ «Հակամարտութիւնը օգտագործելու եւ իր իշխանութիւնը նախագծելու համար տարածքաշրջանի ժողովուրդներուն մարդկային մեծ տառապանքներ պատճառելու այդպիսի քաղաքականութեան պէտք է դիմադրել, այլ ոչ թէ զայն խրախուսել», ըսած է Մնացականեան։

Նոյն հարցազրոյցին մէջ նախարարը կանգ առած է նաեւ Սուրիայէն եւ Լիպիայէն զինեալներու տեւաբար Արցախի հակամարտութեան գօտի ուղարկուելուն վրայ։ Իր խօսքով՝ Երեւան ահռելի ապացոյցներ ունի այս ուղղութեամբ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 30, 2020