ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ ՇՈՒՇԻԻ ՄԱՍԻՆ

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան երէկ հրապարակեց տեսաուղերձ մը, որով կոչ ուղղեց միանալ Շուշիի պաշտպանութեան։ Այս առթիւ ան յայտնեց, որ Ատրպէյճանի զօրքերը արդէն Շուշիէն 5 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուին եւ լրջագոյն ռազմական միջոցներ ներդրած են բերդաքաղաքը գրաւելու համար։

Արայիկ Յարութիւնեանի այս յայտարարութեան երէկ երեկոյեան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան։ Այս առթիւ ան նշեց, որ խօսքը կը վերաբերի դէպի Շուշի տանող ճանապարհներու վրայ գտնուող կարգ մը գիւղերու, որոնք քաղաքէն շուրջ 7 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուին։ 

Հարկ է նշել, որ Արայիկ Յարութիւնեանի այս յայտարարութիւնները արձագանգ գտած են նաեւ թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ։

Միւս կողմէ, վաստակաւոր դիւանագէտ Արման Նաւասարդեան երէկ մեկնաբանութիւններով հանդէս եկաւ պատերազմի ընթացքին շուրջ։ Ան պնդեց, որ Անգլիոյ յատուկ ծառայութիւնները սերտօրէն կը համագործակցին Թուրքիոյ հետախուզութեան հետ եւ անուղղակիօրէն կը մասնակցին Արցախի դէմ պատերազմի։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 30, 2020