ՆԻՍԻ ՄԷՋ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԻՒՆ

Ֆրանսայի Նիս քաղաքին մէջ երէկ առաւօտ պատահեցաւ ահաբեկչական սարսափելի դէպք մը։ Այսպէս, անծանօթ մը դաշիւնով յարձակում գործեց քաղաքի կեդրոնի՝ Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ գտնուողներուն վրայ։ Երեք հոգի զոհ գնաց դէպքին, կան նաեւ վիրաւորներ։ Զոհերէն մին 70-ամեայ կին մըն է, որ գլխատուած է։ Կը հաղորդուի, որ յարձակումը իրագործած անձը ձերբակալուած է վիրաւորեալ վիճակի մէջ եւ փոխադրուած հիւանդանոց։

Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն երէկ անմիջապէս այցելեց դէպքի վայր։ Ան տեղեկացուց, որ անվտանգութեան միջոցները կը խստացուին երկրէն ներս։

Ֆրանսայի մէջ իրավիճակը լարուած է՝ «Շարլի Էպտօ» երգիծաթերթի խմբագրութեան վրայ կատարուած ահաբեկչական յարձակման հինգերորդ տարելիցէն ի վեր։ Արդարեւ, տարելիցի առթիւ երգիծաթերթը վերահրատարակեց այն բոլոր երգիծանկարները, որոնք վիրաւորական կը համարուին մահմետական աշխարհին կողմէ։ Ֆրանսայի մէջ անոնք կ՚ընկալուին արտայայտութեան ազատութեան ծիրին մէջ, սակայն մահմետական աշխարհը համամիտ չի գտնուիր այս մօտեցման։ Երգիծանկարներու վերահրատարակուելէն վերջ, կարճ ժամանակ առաջ, Ֆրանսայի մէջ դպրոցէ մը ներս դասի ընթացքին գլխատուած էր ուսուցիչ մը, որ անդրադարձած էր այդ նիւթին։ Էմմանիւէլ Մաքրոն երէկ դէպքի վայրին վրայ ունեցաւ ելոյթ մը, որու ընթացքին միութեան կոչ ուղղեց ամբողջ երկրին։ Այսօր, Ֆրանսայի Անվտանգութեան խորհուրդը ժողով մը կը գումարէ համապատասխան օրակարգով։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 30, 2020