ՈՉ ԵՒՍ Է ՄԵՍՈՒՏ ԵԸԼՄԱԶ

Թուրքիա այս առաւօտ խոր ցաւ ապրեցաւ՝ նախկին վարչապետներէն Մեսուտ Եըլմազի մահուան բերումով։ Ան 73 տարեկան հասակին իր մահկանացուն կնքեց ծանր հիւանդութեան հետեւանքով։ Եըլմազ շուրջ երկու ամիսէ ի վեր կը դարմանուէր հիւանդանոցի մէջ։ Ան կը տառապէր թոքերու քաղցկեղէ։ Քանի մը ամիս առաջ ենթարկուած էր նաեւ ուղեղի գործողութեան։ Մօտաւոր անցեալին մահացած էր Մեսուտ Եըլմազի որդին, ինչ որ իրեն եւ համայն ընտանիքին համար եղած էր բաւական ցնցիչ։

Մեսուտ Եըլմազ 1947 թուականին ծնած էր Իսթանպուլի մէջ։ Անգարայի համալսարանէն ներս քաղաքագիտութիւն ուսանելէ վերջ, բարձրագոյն ուսումը կատարելագործած էր Քէօլնի համալսարանէն ներս, Գերմանիա։ Մասնաւոր հատուածէ ներս, արդիւնաբերութեան ոլորտի վրայ աշխատելէ վերջ մուտք գործած էր քաղաքական ասպարէզ։ 1983 թուականին եղած էր «Անավաթան» կուսակցութեան հիմնադիրներէն։ 1980 թուականի զինուորական միջամտութեան յաջորդած մթնոլորտին մէջ, երկրէ ներս ժողովրդավարութեան վերականգնման ճանապարհին եղած էր նախկին վարչապետ Թուրկուտ Էօզալի լծակիցներէն։ Ժողովրդավարութեան առընթեր երկիրը ազատական տնտեսութեան անցընելու հետամուտ ծրագրեր որդեգրած զանազան կառավարութիւններու կազմին մէջ ստանձնած էր նախարարական պաշտօններ։ Միշտ երեսփոխան կ՚ընտրուէր Ռիզէէն։ Վարչապետի պաշտօն վարելու առընթեր զբաղեցուցած հիմնական դիրքը եղած էր փոխ-վարչապետ կամ արտաքին գործոց նախարար։ Թուրկուտ Էօզալի հանրապետութեան նախագահ ընտրուելէն վերջ, Մեսուտ Եըլմազ դարձած էր «Անավաթան»ի կուսակցապետ ու այդ պաշտօնը վարած՝ 1991-2002 թուականներուն։ Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան ճանապարհին անկիւնադարձային քայլեր առած կառավարութիւններուն մէջ ունեցած էր լուրջ դերակատարութիւն։ Նոյն ծիրին մէջ քաղաքական կամք դրսեւորած էր նաեւ փոքրամասնութիւններու կուտակուած խնդիրներու հնարաւորինս լուծման ուղղութեամբ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 30, 2020