«ԱՒՐՈՐԱ» ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆԸ ՈՐՈՇԱԾ Է ԱՋԱԿՑԻԼ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՆԵՏԻԿԻ Ս. ՂԱԶԱՐ ԿՂԶԻԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ ԳՐԱԴԱՐԱՆԻՆ՝ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՀՈԳԵԼՈՅՍ ՎԱՐԴԱՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը որոշած է 50 հազար ամերիկեան տոլար նուիրել Մխիթարեան միաբանութեան Վենետիկի Ս. Ղազար կղզիի գրադարանին։ Այս նուիրատուութիւնը կատարուած է ի յիշատակ «Աւրորա»ի համահիմնադիրներէն հոգելոյս Վարդան Գրիգորեանի, որ անցեալ տարի կեանքէ հեռացած էր։ Սփիռքահայ ականաւոր մարդասէր, գիտնական, գրող, մանկավարժ ու մենթէօր Վարդան Գրիգորեան զանազան ուղղութիւններով բացառիկ գործունէութիւն ծաւալած էր՝ հատելով գիտական ու բարեգործական սահմանները։ Գրադարանները, ըստ Վարդան Գրիգորեանի, մարդկութեան ամբարած գիտելիքի տաճարներն են եւ «Աւրորա»ի ներկայ նուիրատուութիւնն ալ յարգանքի տուրք մըն է անոր թողած բացառիկ ժառանգութեան նկատմամբ։

«Ուրախ ենք Վարդան Գրիգորեանի յիշատակը նման իմաստալից կերպով յարգելու հնարաւորութեան համար։ Տարիներ շարունակ ան կենսական դերակատարութիւն ունեցած է զանազան նախագծերու եւ կազմակերպութիւններու մէջ, բայց «Աւրորա»ն միշտ իւրայատուկ եղած է իրեն համար։ Այսօր մենք կը շարունակենք մեր աշխատանքը իր անունով՝ պահպանելով հայկական ժառանգութիւնը եւ յառաջ մղելով մարդասիրական ջանքերը», այս կապակցութեամբ ըսած է «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիրներէն Ռուբէն Վարդանեան։ Իր կարգին, համահիմնադիրներէն Նուպար Աֆէեանն ալ այս առթիւ յիշեցուցած է, որ հոգելոյս Վարդան Գրիգորեան կրթութեան ու լուսաւորութեան ջերմեռանդ ջատագով մըն էր եւ ուրախ պիտի ըլլար «Աւրորա»ի այս որոշման համար՝ սոյն նշանաւոր գրադարանին օժանդակելու ուղղութեամբ։

Մխիթարեան միաբանութեան Քահանայապետական պատուիրակ եւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանն ալ այս առթիւ նշած է, որ միաբանութեան համար պատիւ մը կը համարուի ընդունիլ այս առատաձեռն նուիրատուութիւնը։ Ան դիտել տուած է, որ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը ջանք կը գործադրէ մարդասիրական հրատապ խնդիրներու յաղթահարման եւ ամենակարիքաւորներուն երկրորդ հնարաւորութիւն մը տալու համար։ Զեքիեան Գերապայծառ նշած է նաեւ, որ հոգելոյս Վարդան Գրիգորեան իսկապէս բացառիկ ուսեալ մըն էր եւ իր ժառանգութիւնը յաւերժ կը յիշուի։ «Մենք շատ երախտապարտ ենք այս նուիրատուութեան համար եւ անհամբեր՝ զայն լաւագոյնս օգտագործելու մեր գրադարանի կարիքներուն համար՝ յանուն Վարդանին», ըսաւ ան։

Մխիթարեան միաբանութեան Ս. Ղազար կղզիի մատենադարանի մէջ ի պահ դրուած է զանազան լեզուներով աւելի քան 150 հազար հատոր՝ ներառեալ ձեռագրեր, հնագոյն գիրքեր, պատմական եւ գիտական աշխատութիւններ։ Միաբանութեան հիմնադիր Մխիթար Աբբահայրն ու գործակիցները միշտ իրենց առաքելութիւնը համարած են գիրքերու հրատարակութիւնը, հաւաքագրումն ու պահպանումը՝ յատկապէս հայկական։ Այսօր միաբանութեան ընդարձակ մատենադարանէն ներս կը գտնուին պատմական եզակի նմոյշներ, իսկ միաբանութիւնը կը շարունակէ մնալ հայագիտութեան յառաջատար կեդրոններէն մին։

Հարկ է յիշեցնել, որ «Աւրորա»ի 2021 թուականի մրցանակաբաշխութիւնը եւ այս տարուայ յարակից ձեռնարկները ներկայ ամսուայ սկիզբին տեղի ունեցած էին Վենետիկի մէջ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 30, 2021