ԹՈՒՐՔԻԱՅԷՆ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԵՆ ԵՐԵՒԱՆ

Հայաստանի կառավարութիւնը բոլոր հարթութիւններու վրայ բազմակողմանի նախաձեռնութիւններ կը կատարէ՝ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրը ներկայացնելու համար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս նոյն նպատակով յառաջիկային կը նախատեսուի նաեւ Թուրքիայէն լրագրողներու այցելութիւն մը կազմակերպել դէպի Հայաստան։

Վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան այս մասին բացատրութիւններ տուաւ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս, ուր ներկայիս կ՚ընթանան 2025 թուականի պետական պիւտճէի քննարկումները։ Խորհրդարանի մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստի ընթացքին Արայիկ Յարութիւնեան յայտնեց, որ այս տարեվերջին կամ յաջորդ տարուան սկիզբին նախատեսուած է ամբողջ տարածաշրջանէն զանազան փորձագիտական կեդրոններու ներկայացուցիչներու հաւաք մը կազմակերպել Հայաստանի մէջ։ Թէեւ բուն նիւթը «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրը պիտի չըլլայ, բայց, այդ մէկն ալ պիտի արծարծուի։ Յառաջիկային Իրանէն խումբ մըն ալ Հայաստան պիտի այցելէ եւ այդ օրերուն ալ «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ի քննարկումները օրակարգի վրայ պիտի գտնուին։

Ի լրումն այս բոլորին, Արայիկ Յարութիւնեան տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ շարք մը լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներն ալ Հայաստան պիտի հրաւիրուին եւ իրենց պիտի ներկայացուի «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 30, 2024