ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ

Պաքուի ղեկավարութիւնը յառաջիկայ ամիս նախատեսուած՝ ՄԱԿ-ի կլիմայի փոփոխութեան (COP29) գագաթաժողովին ընդառաջ թափ կու տայ իր միջազգային նախաձեռնութիւններուն։ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էլչին Էմիրպէյով այս ծիրէն ներս բարձր մակարդակի վրայ քննարկումներ ծաւալեց Լոնտոնի մէջ, ուր հանդիպումներ ունեցաւ յառաջատար պաշտօնատարներու հետ։ Ան Անգլիոյ վարչապետի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Թիմոթի Պարոուի, արտաքին գործոց նախարար Սթիվըն Տաութիի եւ խորհրդարանականներու հետ մէկտեղուելով շօշափեց շարք մը հարցեր։

Պաքուի աղբիւրները կը տեղեկացնեն, որ հանդիպումներու ընթացքին քննարկուած են Ատրպէյճան-Անգլիա յարաբերութիւններուն վերաբերեալ նիւթեր։ Նոյն շրջանակին մէջ արծարծուած են Ատրպէյճան-Հայաստան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի հեռանկարներուն եւ COP29 գագաթաժողովին վերաբերեալ հարցեր։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 30, 2024