ՏՕՆԱԿԱՆ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, 29 Հոկտեմբերի Հանրապետութեան տօնին առթիւ, բովանդակ Թուրքիոյ մէջ արտասովոր մթնոլորտ ստեղծուեցաւ։ Տօնական ուրախութիւնը համակեց ամբողջ երկիրը, ուր Հանրապետութեան հիմնարար արժէքներուն շուրջ վերանորոգուեցաւ մեծ համախմբումը։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս պետական աւագանին յարգանքի այցելութիւն մը տուաւ Հանրապետութեան հիմնադիր Մեծն Աթաթիւրքի յուշադամբանը՝ գլխաւորութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի։ «Անըթքապիր»ի մէջ տեղի ունեցած արարողութենէն վերջ, նախագահ Էրտողան Պեշթեփէի համալիրէն ներս ընդունեց պաշտօնական դէմքերու շնորհաւորութիւնները։

Օրուան աւարտին, նոյնպէս Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ պաշտօնական հաւաքոյթ մը, որ սկսաւ ընդունելութիւնով մը եւ շարունակուեցաւ Հանրապետութեան նախագահի ելոյթով, նաեւ համերգային բաժնով մը։ Նախագահ Էրտողան այս փուլին շեշտեց, որ թուրք ազգը ունի ճակատագիրը իր պետութեան հետ նոյնացնելու եզակի եւ բացառիկ ընդունակութիւնը։

Անգարայի այս պաշտօնական հաւաքոյթին հրաւիրուած էին նաեւ թրքահայ համայնքէն ներկայացուցիչներ՝ գլխաւորութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մաշալեանի եւ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի։ Երեկոյթին ներկայ էր նաեւ Իսթանպուլի երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 30, 2024