ԱՀԱՒՈՐ ՈՃՐԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ

Թուր­քիա շա­բա­թա­վեր­ջին ցնցուե­ցաւ ա­հա­ւոր մա­հա­փոր­ձով մը։ Տիար­պա­քը­րի Սուր գա­ւա­ռա­կին մէջ ոս­տի­կա­նու­թեան հսկո­ղու­թեան տակ գտնուող ՓՔՔ­-ա­կան ա­հա­բե­կիչ­ներ նա­հա­տա­կե­ցին եր­կու ոս­տի­կան։ Դէպ­քին վայ­րէն ոչ-հե­ռու, խոյս տա­լու ժա­մա­նակ ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն կող­մէ բա­ցուած կրա­կին թի­րա­խը դար­ձաւ նաեւ Տիար­պա­քը­րի Փաս­տա­բա­նա­կան կա­ճա­ռի նա­խա­գահ Թա­հիր Էլ­չի, որ եւս զոհ գնաց ոճ­րա­գոր­ծու­թեան։

Այս սար­սա­փե­լի դէպ­քը յե­ղաշր­ջեց Թուր­քիոյ օ­րա­կար­գը։ Թա­հիր Էլ­չի դէպ­քի պա­հուն կ՚ու­նե­նար հրա­պա­րա­կա­յին ե­լոյթ մը, ո­րով կոչ կ՚ուղ­ղէր, որ­պէս­զի այս աշ­խար­հագ­րու­թե­նէն վտա­րուին զէնքն ու բա­խում­նե­րը։ Մինչ ան խա­ղա­ղու­թեան կոչ ուղ­ղե­լու ժա­մա­նակ թի­րախ դար­ձաւ ա­հա­բե­կիչ­նե­րու փամ­փուշ­տնե­րուն, պե­տա­կան ա­ւա­գա­նին բուռն ձե­ւով ար­ձա­գանգ­եց իր կո­րուս­տին։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան յայտ­նեց, թէ ա­հա­բեկ­չու­թեան պայ­քա­րը պի­տի շա­րու­նա­կուի մին­չեւ վերջ։ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու ընդգ­ծեց, որ այս դէպ­քի թի­րա­խին կը գտնուի ամ­բողջ Թուր­քիան։ Ան Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վին մէջ ոճ­րա­գոր­ծու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց նաեւ ընդ­դի­մա­դիր ղե­կա­վար­նե­րուն՝ ՃՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լուին եւ ՄՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Տեւ­լէթ Պահ­չէ­լիին։ Տա­վու­տօղ­լու ընդգ­ծեց, որ դէպ­քը ան­պայ­ման պի­տի լու­սա­բա­նուի։

Ե­րէկ, ամ­բողջ երկ­րէն ներս ստեղ­ծուած հա­մա­տա­րած ցա­ւու եւ վրդով­մուն­քի մթնո­լոր­տին մէջ տե­ղի ու­նե­ցան Թա­հիր Էլ­չիի եւ նա­հա­տակ եր­կու ոս­տի­կան­նե­րուն՝ Ահ­մէտ Չիֆ­թաս­լա­նի եւ Ճեն­կիզ Էր­տու­րի յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։ Տիարպաքըրի մէջ Թահիր Էլչիի յուղարկաւորութեան մասնակցեցաւ շուրջ յիսուն հազար հոգի, մինչ իր այրին՝ Թիւրքան Էլչի հանդէս եկաւ ելոյթով մը

Այս ցա­ւա­լի դէպ­քէն վերջ պատ­կան մար­մին­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն բաղ­կա­ցեալ հար­ցաքն­նու­թեան մար­մին մը ստեղ­ծուե­ցաւ ան­մի­ջա­պէս։ Ըստ տե­ղա­կան մա­մու­լին, ար­դէն ստու­գուած է, որ սպան­նուե­լէ վերջ Թա­հիր Էլ­չիի քով գտնուած ատր­ճա­նա­կը կը պատ­կա­նի այն ա­հա­բե­կի­չին, որ նա­հա­տա­կած է եր­կու ոս­տի­կան­նե­րը։ Ստու­գուած է նաեւ, որ ա­հա­բե­կի­չը խոյս տա­լու ժա­մա­նակ ար­ձա­կած է իր ատր­ճա­նա­կը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2015