ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒՀԻ ՍՕՆԱ ՎԱՆԻ ԳՐՔԻՆ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ՝ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Ե­րե­ւա­նի մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­մե­րի­կա­հայ բա­նաս­տեղ­ծու­հի Սօ­նա Վա­նի «Լիպ­րեթ­թօ ա­նա­պա­տի հա­մար» գիր­քին շնոր­հան­դէ­սը։ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ այս ձեռ­նար­կը, ո­րու ըն­թաց­քին ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ Նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան։ Բարձր գնա­հա­տան­քով ար­տա­յայ­տուե­լով հե­ղի­նա­կին մա­սին՝ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան շեշ­տեց, թէ Սօ­նա Վան կը հա­մա­րուի մեր ժա­մա­նակ­նե­րու մե­ծա­գոյն գրա­կան ե­րե­ւոյթ­նե­րէն մին, ա­ռանց չա­փա­զան­ցու­թեան։ Նա­խա­րա­րը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ վստա­հու­թիւն յայտ­նեց, թէ Սօ­նա Վան տա­կա­ւին շատ պի­տի բարձ­րա­նայ ու տա­կա­ւին հպար­տա­նա­լու բա­զում ա­ռիթ­ներ պի­տի ըն­ձե­ռէ հա­յու­թեան։ Յա­կո­բեան ընդգ­ծեց, որ հե­ղի­նա­կին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը կը թարգ­մա­նուին զա­նա­զան լե­զու­նե­րու։

Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին սրտի խօս­քով հան­դէս ե­կաւ Սօ­նա Վան, որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ հո­գե­բան է։ Ան ը­սաւ, որ իր բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը հա­մա­մարդ­կա­յին ե­րաժշ­տա­կան ձայ­նագ­րու­թիւ­նով գրուած են եւ ինք փոր­ձած է այն­պէս մը ը­նել, որ ա­նոնք հասկ­նա­լի ըլ­լան ոչ միայն հայ, այ­լեւ բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն։

Շնորհանդէսի ընթացքին արտայայտուեցաւ նաեւ գրականագէտ Նորայր Ղազարեան։

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ լոյս տե­սած Սօ­նա Վա­նի բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը ձօ­նուած են Մեծ ե­ղեռ­նի 100-րդ տա­րե­լի­ցին։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2015