ՎԵՐԱԿԵՆԴԱՆԱՑՈՒՄ

Թուր­քիա-Եւ­րո­միու­թիւն (ԵՄ) յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ ե­րէկ Պրիւք­սէ­լի մէջ բա­ցուե­ցաւ նոր էջ մը։ Մի­ջազ­գա­յին վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րով պայ­մա­նա­ւո­րուած մթնո­լոր­տին մէջ վե­րա­կեն­դա­նա­ցան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք վեր­ջին շրջա­նին գրե­թէ սա­ռած էին։ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու մաս­նակ­ցե­ցաւ ե­րէկ  Պրիւք­սէ­լի մէջ կազ­­մա­կեր­պուած ԵՄ-Թուր­քիա գա­գա­թա­ժո­ղո­վին։ 28+1 ձե­ւա­չա­փով տե­ղի ու­նե­ցած այս հա­ւա­քը ա­ռիթ ըն­ձե­ռեց, որ­պէս­զի տասն­մէկ տա­րուան ընդ­հա­տու­մէ մը վերջ վերս­տին դրա­կան լիցք ստա­նան կող­մե­րու կա­պե­րը։ Մթնո­լոր­տը այն աս­տի­ճան դրա­կան եւ յու­սադ­րիչ էր, որ նոյ­նիսկ Պրիւք­սէ­լի ըն­տա­նե­կան նկա­րա­հան­ման մաս­նակ­ցե­ցաւ Յու­նա­կան Կիպ­րո­սի ղե­կա­վար Ա­նաս­տա­սիա­տիս։ Տա­վու­տօղ­լուին հետ ԵՄ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն, ԵՄ-ի խոր­հուր­դի նա­խա­գա­հին եւ Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գա­հին հետ ծա­ւա­լեց բազ­մա­կող­մա­նի քննար­կում­ներ։ Ան ա­ռան­ձին տե­սակ­ցու­թիւն­ներ ալ ու­նե­ցաւ եւ­րո­պա­կան յա­ռա­ջա­տար եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն հետ։ Տա­վու­տօղ­լու Պրիւք­սէ­լի ե­լոյ­թին մէջ յստա­կօ­րէն ընդգ­ծեց, թէ թուրք ժո­ղո­վուր­դը եւ­րո­պա­ցի է եւ ցա­մա­քա­մա­սի ա­պա­գա­յին հա­մար կը գի­տակ­ցի իր պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան։

Ե­րէ­կուան գա­գա­թա­ժո­ղո­վը ու­նե­ցաւ ըստ էու­թեան ե­րեք շօ­շա­փե­լի ար­դիւնք։ Ա­ռա­ջի­նը այն է, որ գաղ­թա­կան­նե­րու հար­ցին շուրջ Թուր­քիա 3 մի­լիառ եւ­րո օ­ժան­դա­կու­թիւն պի­տի ստա­նայ Եւ­րո­միու­թե­նէն։ Երկ­րորդ՝ լիի­րաւ ան­դա­մակ­ցու­թեան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն շրջագ­ծով շու­տով՝ հա­ւա­նա­բար Դեկ­տեմ­բե­րի 14-ին պի­տի բա­ցուի նոր գլուխ մը։ Սա պի­տի ըլ­լայ 17-րդ բա­ժի­նը, որ կը վե­րա­բե­րի ելմ­տատն­տե­սա­կան ո­լոր­տին։ Ի լրումն այս բո­լո­րին, Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն հա­մար ա­ռանց վի­զա­յի ԵՄ-ի եր­կիր­ներ մուտ գոր­ծե­լու հե­ռան­կարն ալ յստա­կա­ցած է եւ ար­դէն 2016 թուա­կա­նի Հոկ­տեմ­բե­րի դրու­թեամբ կրնայ կեան­քի կո­չուիլ այդ մէ­կը։

Ըստ Տա­վու­տօղ­լուի, Պրիւք­սէ­լի ե­րէ­կուան գա­գա­թա­ժո­ղո­վը պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցաւ Թուր­քիոյ Եւ­րո­միու­թեան մաս­նակ­ցու­թեան գոր­ծըն­թա­ցին տե­սան­կիւ­նէն։ Ար­դա­րեւ, բո­լոր կող­մե­րը հա­մա­ձայ­նու­թեան հա­սան մաս­նակ­ցու­թեան գոր­ծըն­թա­ցի վե­րա­կեն­դա­նաց­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին Թուր­քիոյ եւ ԵՄ-ի մի­ջեւ գա­գա­թա­ժո­ղով­ներ պի­տի կազ­մա­կեր­պուին տա­րին եր­կու ան­գամ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2015