ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆ ԽՕՍԵՑԱՒ ՋՈՒՐԻ ՊԱՇԱՐՆԵՐԸ ՀԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾՕՆԻ ՎԵՐԱԾԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ

ՄԱԿ-ի անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դին մօտ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ բաց քննար­կում մը։ «Մի­ջազ­գա­յին խա­ղա­ղու­թեան եւ անվ­տան­գու­թեան ա­պա­հո­վում. ջրա­յին մի­ջոց­ներ, խա­ղա­ղու­թիւն եւ անվ­տան­գու­թիւն» խո­րագ­րեալ այս հա­ւա­քոյ­թի բաց­ման ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ ՄԱԿ-ի Ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Պան Քի Մուն։ Այս առ­թիւ ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րը ընդգծեց, որ ջրա­յին մի­ջոց­նե­րը կա­րե­ւոր ար­ժէք կը ներ­կա­յաց­նեն աշ­խար­հի հա­մար եւ ա­նոնց կա­ռա­վա­րու­մը պէտք է խրա­խու­սուի որ­պէս մի­ջոց՝ խթա­նե­լու հա­մար հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը, այլ ոչ թէ հրահ­րե­լու հա­մար հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րը։

Այս բաց քննարկ­ման ժա­մա­նակ ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ նաեւ ՄԱԿ-ի մօտ Հա­յաս­տա­նի մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Զօհ­րապ Մնա­ցա­կա­նեան, որ կանգ ա­ռաւ անդր­սահ­մա­նա­յին ջրա­յին պա­շար­նե­րը հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րու եւ ազ­գե­րու մի­ջեւ ըն­կե­րա­յին ու տնտե­սա­կան փոխ­կա­պակ­ցուա­ծու­թեան գոր­ծօ­նի մը վե­րա­ծե­լու նիւ­թին վրայ։ Այ­լա­պէս, եր­կիր­նե­րէն ներս եւ եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ կրնան վէ­ճեր եւ հա­կա­մար­տու­թիւն­ներ ծա­գիլ։ Ըստ ի­րեն, փո­խա­դարձ շա­հե­րու եւ փո­խա­դարձ կա­պե­րու գի­տակ­ցու­թիւ­նը պէտք է հիմք ծա­ռա­յէ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին խա­ղա­ղու­թեան եւ անվ­տան­գու­թեան ամ­րապնդ­ման, ինչ­պէս նաեւ տնտե­սա­կան ա­ճի հա­մար։ Զօհ­րապ Մնա­ցա­կա­նեա­նի հա­մոզ­մամբ, պե­տու­թիւն­նե­րու կող­մէ յստակ քա­ղա­քա­կան կամ­քի եւ ի­րա­կան յանձ­նա­ռու­թեան դրսե­ւո­րու­մը կեն­սա­կան նա­խադ­րեալ­ներ կը հա­մա­րուին անդր­սահ­մա­նա­յին ջրա­յին մի­ջոց­նե­րու յա­ջող կա­ռա­վար­ման հա­մար։ Այդ­պի­սի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը հիմք մըն է հա­րե­ւան ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մի­ջեւ փո­խա­դարձ շա­հե­րուն ար­ձա­գան­գե­լու եւ զա­նոնք յա­ռաջ մղե­լու հա­մար։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ա­նոնք վստա­հու­թեան կա­ռուց­ման կա­րե­ւոր մի­ջոց մը կը հա­մա­րուին ան­լոյծ մնա­ցած հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու պա­րա­գա­յին։

Զօհ­րապ Մնա­ցա­կա­նեան այս կէ­տին վրայ ափ­սո­սանք յայտ­նեց այն փաս­տին շուրջ, թէ նոյ­նիսկ նման բնոյ­թով հար­ցե­րու մէջ Ատր­պէյ­ճան ընտ­րած է Հա­յաս­տա­նի վրայ ցեխ ար­ձա­կե­լու եւ ա­նոր դէմ մե­ղադ­րանք­ներ հաս­ցէագ­րե­լու մօ­տե­ցու­մը։ «Սար­սան­կի ջրամ­բա­րը, որ ա­ռանց­քա­յին նշա­նա­կու­թիւն ու­նի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի տնտե­սու­թեան հա­մար՝ մե­ծա­պէս գիւ­ղատն­տե­սա­կան եւ ու­ժա­նիւ­թի ար­տադ­րու­թեան տե­սա­կէ­տէ, կը գտնուի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու մշտա­կան վե­րահս­կո­ղու­թեան ներ­քեւ», ը­սաւ ան։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, Զօհ­րապ Մնա­ցա­կա­նեան յի­շե­ցուց, թէ որ­պէս բա­րի կամ­քի դրսե­ւո­րում՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը բազ­միցս ա­ռա­ջար­կած են ջրա­յին պա­շար­նե­րը օգ­տա­գոր­ծել միաս­նա­բար։ Սա կրնայ ծա­ռա­յել որ­պէս կող­մե­րու մի­ջեւ վստա­հու­թեան կա­ռուց­ման մի­ջոց։ Ըստ ի­րեն, այս մօ­տեց­ման դէմ Ատր­պէյ­ճան կը նա­խընտ­րէ տա­րա­ծել ան­հիմն մե­ղադ­րանք­ներ եւ կաս­կա­ծե­լի «ա­պա­ցոյց­ներ», ո­րոնք, ըստ էու­թեան ու մեղմ խօս­քով, ա­պա­տե­ղե­կա­տուու­թիւն են։ Մնա­ցա­կա­նեան շեշ­տեց, որ Ատր­պէյ­ճան թէ՛ ինք­զին­քին եւ թէ ամ­բողջ տա­րած­քաշր­ջա­նին հա­մար մեծ լա­ւու­թիւն մը ը­րած պի­տի ըլ­լայ, ե­թէ ան­կեղ­ծօ­րէն ներգ­րա­ւուի հա­մա­ձայ­նե­ցուած ձե­ւա­չա­փի շրջա­նակ­նե­րէն ներս խա­ղա­ղու­թեան գոր­ծըն­թա­ցին։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2016