ՍԱՐԻԿ ԱՆԴՐԷԱՍԵԱՆԻ «Երկրաշարժ» ժապաւէնը
Շարժանկարի միջազգային մամուլի ընկերակցութեան Golden Globe ամենամեայ մրցանակաբաշխութեան պաշտօնական կայքէջը անդրադարձած է Սարիկ Անդրէասեանի «Երկրաշարժ» ֆիլմին: Ժապաւէնին նիւթը հիմնուած է 1988 թուականին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժի իրական պատմութեան վրայ, որ խլած է շուրջ 25 հազար մարդու կեանք:
Բեմադրիչ Սարիկ Անդրէասեանի համար ատիկա շատ յատուկ նախագիծ էր, որ կը փափաքէր իրականացնել կատարուածէն երեսուն տարի անց՝ պատմելու պատմութիւն մը ոչ միայն մահուան եւ աւերածութիւններու, այլեւ մղձաւանջի ժամանակ յոյսի եւ համայնքի միութեան մասին:
«Երկրաշարժ» ժապաւէնը կը պատմէ 1988 թուականի Դեկտեմբեր 7-ի Սպիտակի աղէտալի երկրաշարժին մասին: Ֆիլմին մէջ, բնական աղէտի հէնքին, կը ծաւալի երկու հերոսներու՝ 45-ամեայ Կոնստանդին Պերեժնոյի եւ 20-ամեայ Ռոպերթ Մելքոնեանի պատմութիւնը: Ճակատագրի դիպուածով՝ ասիկա անոնց առաջին հանդիպումը չէ. տարիներ առաջ Պերեժնոյի մեղքով Ռոպերթի ծնողները զոհուած էին ինքնաշարժի արկածով: Կոնստանդինը քանի մը տարի անցուցած էր բանտի մէջ, իսկ փոքրիկ Ռոպերթին ապաստան տուած էին ազգականները: Պերեժնօ կը վերադառնայ իր ընտանիքին մօտ նոյն այդ սարսափելի երկրաշարժին օրը։ Անոր կը սպասէին կինը, աղջիկը, որդին եւ Ռոպերթը, որ այդպէս ալ չէր կրցած ներել իրեն: Ճակատագրի հեգնանքով՝ հերոսները կը յայտնուին նոյն փրկարարական ջոկատին մէջ: