ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ՄԷՋ ՁԻՒՆԱԾ Է

«Ա­րա­պի­յա» ար­բա­նեա­կա­յին պատ­կե­րաս­փիւ­ռի կա­յա­նը կը հա­ղոր­դէ, որ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ հիւ­սիս-ա­րե­ւե­լեան շրջա­նին մէջ ձիւն տե­ղա­ցած է, իսկ թա­գա­ւո­րու­թեան կեդ­րո­նա­կան շրջան­նե­րուն մէջ տե­ղա­տա­րափ անձ­րեւ­ներ ար­ձա­նագ­րուած են:

Օ­դի ջեր­մաս­տի­ճա­նը զե­րո­յէն վար ի­ջած է Շաք­րա եւ Տա­պուք քա­ղաք­նե­րուն մէջ: Ռիա­տի եւ Ժետ­տա­յի մէջ անձ­րեւ տե­ղա­ցած է:

Սէու­տա­կան Ա­րա­բիա­յէն «Թուի­թըր»ի օգ­տա­տէ­րե­րը կա­տա­կով հարց տուած են. «Ռիա­տը ար­դեօք չէ՞ դար­ձած նոր Լոն­տոն»:

«Ին­ֆըր­ֆաքս» լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը կը հա­ղոր­դէ, որ նա­խորդ ան­գամ այս շրջա­նին մէջ ձիւն տե­ղա­ցած է Յու­նուար 2013-ին: Այն ժա­մա­նակ դրա­ցի քա­ղաք­նե­րէ կու գա­յին Տա­պուք՝ դի­տե­լու այս վայ­րե­րուն հա­մար հա­զուա­դէպ բնա­կան ե­րե­ւոյ­թը:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2016