ՖԻՏԷԼ ՔԱՍԹՐՈՅԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

«Կա­զե­թա.ռու» կը հա­ղոր­դէ, որ Քու­պա­յի յե­ղա­փո­խու­թեան ղե­կա­վար Ֆի­տէլ Քասթ­րո­յի վեր­ջին հրա­ժեշ­տի ա­րա­րո­ղու­թեան պի­տի մաս­նակ­ցին շուրջ ե­րե­սուն մի­ջազ­գա­յին ղե­կա­վար­ներ՝ Հա­րա­ւա­յին Ա­մե­րի­կա­յէն եւ Ափ­րի­կէէն:

Կը նշուի, որ ա­նոնց շար­քին պի­տի ըլ­լան Վե­նե­զուե­լա­յի, Պո­լի­վիոյ, Է­քուա­տո­րի, Նի­քա­րա­կուա­յի, Քո­լոմ­պիոյ, Փա­նա­մա­յի, Մեք­սի­քա­յի, Հա­րա­ւա­յին Ար­փի­կէի Հան­րա­պե­տու­թեան, Զիմ­պա­պուէի, Հա­սա­րա­կա­ծա­յին Կի­նէի, Նա­մի­պիոյ եւ Քա­պօ Վեր­տէի նա­խա­գահ­նե­րը:

Եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րէն պե­տա­կան բարձր մա­կար­դա­կով ներ­կա­յա­ցուած պի­տի ըլ­լայ միայն Յու­նաս­տա­նը: Յայտ­նի է, որ երկ­րի վար­չա­պետ Ա­լեք­սիս Ցիփ­րաս մտա­դիր է մաս­նակ­ցիլ Քասթ­րո­յի հրա­ժեշ­տի ա­րա­րո­ղու­թեան: Բաց աս­տի, Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Ռու­սաս­տա­նի նա­խա­գահ­ներ Պա­րաք Օ­պա­մա ու Վլա­տի­միր Փու­թին պի­տի չմաս­նակ­ցին յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան ա­րա­րո­ղու­թեան:

25 Նո­յեմ­բե­րին մա­հա­ցած էր Ֆի­տէլ Քասթ­րօ, ո­րուն յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Դեկ­տեմ­բե­րի 4-ին:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2016