ՎԱՐՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԵՐ

Հայկական խեցեգործութեան յայտնի վարպետներէն Շահէ Տէր-Յարութիւնեան, որ քաղաքս այցելեց Գարակէօզեան Տան ընտանիքի հրաւէրով, արդէն հասած է իր շուրջ տասնօրեայ կեցութեան աւարտին։

Շահէ Տէր-Յարութիւնեանի կեցութիւնը վերջին օրերուն բառին բուն իմաստով արտասովոր մթնոլորտ մը ստեղծեց Գարակէօզեան Տան երդիքին տակ։ «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստի աշխատանոցին մէջ ան հանդէս եկաւ վարպետութեան դասընթացքներով։ Դպրոցի գրեթէ բոլոր դասարաններէն աշակերտներ աշխատեցան իր հսկողութեան ներքեւ։ Շահէ Տէր-Յարութիւնեան ամէն տարիքէ փոքրիկներու մակարդակին յարմար ձեւով խեցեգործութեան աշխատանքի օրինակներ ցոյց տուաւ եւ աշակերտներուն տեսակէտէ մասնաւորապէս հետաքրքրական էր գործնական արտադրութիւնը։ Յայտնի վարպետը առիթը օգտագործեց նաեւ բոլորին փոխանցելու համար տեղեկութիւններ՝ հայկական խեցեգործութեան պատմութեան եւ այդ արհեստի առանձնայատկութիւններու մասին։ Ծրագիրը թէեւ ինքնին արդէն հետաքրքրական էր, սակայն Շահէ Տէր-Յարութիւնեանն ալ յաջողեցաւ բոլորին սիրտը գրաւել եւ այդպէսով աշխատանքի հետաքրքրութիւնն ալ կրկնապատկուեցաւ։

Գարակէօզեան Տան տնօրէնուհի Արուսեակ Մոնէ եւ փոխ-տնօրէնուհի Նարօտ Գուրուղօղլու ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին Շահէ Տէր-Յարութիւնեանը եւ որոշ փուլերու մէջ մասնակցութիւն բերին նաեւ անոր վարպետութեան դասերուն։

Ինչպէս հաղորդած էինք, իր կեցութեան բոլոր օրերուն Շահէ Տէր-Յարութիւնեան աշխատեցաւ գարակէօզեանցի փոքրիկներուն հետ, իսկ շաբաթավերջերուն ան ժամանակ յատկացուց չափահաս հետաքրքիրներու համար՝ նոյնպէս Գարակէօզեան Տան համալիրէն ներս։

Արդիւնաւէտ գործունէութեան օրեր բոլորած ըլլալով՝ Շահէ Տէր-Յարութիւնեան այսօր կէս գիշերին քաղաքէս հրաժեշտ կ՚առնէ դէպի Երեւան։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2017