ՀԱՄԱՏԱՐԱԾ ՀՐՃՈՒԱՆՔ
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան ընդառաջ մեր համայնքէն ներս համատարած հրճուանքի մը մթնոլորտը ստեղծուած է։ Երէկ երեկոյեան, Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Եշիլգիւղի մէջ մասնակցեցաւ ժողովրդական հանդիպումի մը։ Շատ խանդավառ հաւաք մըն էր այս մէկը, զոր վարեց Արեւ Ճէպէճի։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երեկոյթի ընթացքին հանդէս եկաւ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին վերաբերեալ զանազան նիւթերու շուրջ բացատրութիւններով, նաեւ պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն։ Նորին սրբազնութեան կողքին էին մեր ծանօթ ազգայիններէն Փիլիպպոս Եըլանճըօղլու եւ լրագրող-հրապարակագիր Արա Գօչունեան։ Փիլիպպոս Եըլանճըօղլու Եշիլգիւղէն պատգամաւորի թեկնածու առաջադրուած Մանիշակագոյն շարժման ներկայացուցիչներուն անունով արտասանեց ողջոյնի խօսք մը։ Արա Գօչունեանն ալ ամփոփ վերլուծում մը ըրաւ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի այժմու փուլին շուրջ։
Հաւաքոյթի տեւողութեան սրտի խօսքերով հանդէս եկան Մանիշակագոյն շարժումէն շարք մը յայտնի դէմքեր. օրինակ՝ Տիգրան Կիւլմէզկիլ, Էֆրիմ Պաղ, Բենիամին Թոքէր, Նաժտա Շատեան, Արի Չոլաք, Պարոն Նալպանտ եւ այլք։ Հաւաքոյթի պատուոյ հիւրն էր տիրամայր Մարի Մութաֆեան, որ հակիրճ սրտի խօսքով մը կրկնեց իր զօրակցութիւնը Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին նկատմամբ։
Երեկոյթի եզրափակիչ փուլին նորին սրբազնութիւնն ու Եշիլգիւղի պատգամաւորի թեկնածուները միասնաբար ողջունեցին ներկաները։
Երէկուան հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան, թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճու եւ իր գործակից ընկերները, ինչպէս նաեւ թաղի վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Արա Էրոլ Չընար։ Յայտագրի գործադրութեան աւարտին եկեղեցւոյ բակին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին եւս Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ջերմօրէն շրջապատուեցաւ իր համախոհներուն եւ համակիրներուն կողմէ, որոնց հետ ունեցաւ անմիջական զրոյցներ։