ՋԵՐՄ ԲԱՐԵՄԱՂԹԱՆՔ
Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան երէկ հիւրընկալուեցաւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուի կողմէ։ Զեքիեան Գերապայծառին ընկերացան Հայր Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆըրատեան, Տ. Յակոբ Սրկ. Մինասեան, Սաքըզաղաճի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Ժոզէֆ Ասլանկիւլ, Ս. Յակոբ հիւանդանոցի հասարակութեան հետ կապերու պատասխանատու Թալին Էրկիւնէշ-Կազէր եւ կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի քարտուղարուհի Նարօտ Մինասեան։
Հանդիպման ընթացքին Զեքիեան Գերապայծառ անկեղծօրէն շնորհաւորեց Էքրէմ Իմամօղլուն, որուն յղեց ջերմ բարեմաղթանքներ։ Սիրալիր զրոյցի ընթացքին կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան զանազան նիւթերու շուրջ՝ մասնաւորապէս փոքրամասնութիւններու կեանքին վերաբերեալ։
Հարկ է նշել, որ Իմամօղլուի գործի գլուխ գալէն վերջ քաղաքապետարանէն ներս գործել սկսած է դաւանանքներու ուղղեալ բաժանմունք մը։