ԵՐԵՒԱՆ ԿԸ ՍՊԱՍԷ ՌԻՔԵՐԻՆ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ, Հարաւային Կովկասի բանակցութիւններուն գծով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Ռիքեր կը պատրաստուի այցելել Երեւան։ Ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը վերջերս շփումներ ունեցած էր Պաքուի մէջ, ուրկէ կ՚ուղեւորուի նախ դէպի Թիֆլիզ, ապա՝ Երեւան։ Հայաստանի ղեկավարութիւնը բաւական նուրբ իրավիճակի մը մէջ կը սպասէ Ֆիլիփ Ռիքերին։ Արդարեւ, գրեթէ օր չ՚անցնիր, որ սահմանէն նոր բախումի մը լուրը չհասնի եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները հրադադարը խախտելով կրակ չբանան Հայաստանի կամ Արցախի վրայ։
Երեւան ժամանելու ընդառաջ Ֆիլիփ Ռիքեր յայտնեց, որ ԱՄՆ կ՚աջակցի Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ ուղիղ երկխօսութեան եւ կոչ կ՚ուղղէ, որպէսզի յաջորդ տարի այդ թափը պահպանուի։ «ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն կը հաւատայ խաղաղութեան հնարաւորութեան եւ Հարաւային Կովկասի ներուժին։ Ան ինձմէ խնդրած է այս շաբաթ տարածաշրջան գալ։ Խաղաղութեան հասնելու գործընթացը դիւրին չէ, որովհետեւ հակամարտութիւնը տարիներէ ի վեր տառապանքներ պատճառած է երկու կողմերուն», ըսաւ Ռիքեր։
Յամենայնդէպս, ամերիկացի դիւանագէտը համոզուած է, թէ խաղաղ ապագայի մը յոյսը կայ։ Միեւնոյն ժամանակ, ան յոյս յայտնեց, թէ այժմու խաղաղ բանակցութիւններու թափը պիտի պահպանուի։ «Երկու երկիրներու կողմէ ես տեսած եմ իսկական, համարձակ քայլեր, որոնք կրնան կառուցել ամուր խաղաղութիւն», աւելցուց ան։
Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՈՒՈՐԼԻՔ
Միւս կողմէ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի նախկին համանախագահներէն Ճէյմս Ուորլիքն ալ «Ամերիկայի ձայն»ին տուաւ ծաւալուն հարցազրոյց մը, որու ընթացքին ըսաւ. «Հայաստան-Ատրպէյճան կարգաւորմամբ զբաղիլը պէտք է պարտաւորութիւն դառնայ ԱՄՆ-ի եւ Եւրոմիութեան համար։ Այլապէս, պիտի վերադառնանք ռազմական հակամարտութեան»։
Բաց աստի, Ճէյմս Ուորլիք յայտնեց, որ Թուրքիա կրնայ շատ օգտակար դեր խաղալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու երկարատեւ կարգաւորման հասնելու ուղղութեամբ։ «Անգարա հսկայական ազդեցութիւն ունի Պաքուի վրայ։ Ես կը կարծեմ, որ ան այդ ազդեցութիւնը կրնայ օգտագործել խաղաղ գործընթացը յառաջ մղելու համար եւ ցանկալի է, որ օգտագործէ։ Ինչ կը վերաբերի Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն, ապա անոնց մէկ օրուան մէջ կարգաւորուիլը անհնար է։ Սա պէտք է ընել վստահութեան ամրապնդման ուղղեալ փոքր քայլերու միջոցաւ եւ երկու կողմերն ալ պէտք է պատրաստ ըլլան շարժելու քայլ առ քայլ», ըսաւ ան։