ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ ՄԻՋՆԱԴԱՐԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԵՌՕՐԵԱՅ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ
Երեւանի Մատենադարանէն ներս վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ միջնադարագիտութեան միջազգային գիտաժողով մը, որ տասներորդն էր իր նմաններու շարքին։ Եռօրեայ աշխատանքը տեղի ունեցաւ Մատենադարանի գիտական մասնաշէնքի «Հրաչեայ Թամրազեան» դահլիճի երդիքին տակ։ Նախապէս յայտարարուած էր, որ այս նախաձեռնութիւնը յառաջիկային պիտի ստանայ «Մատենադարանի միջնադարագիտական ժողով» անուանումը։ Այս տարուան գիտաժողովին մասնակցեցաւ Հայաստանի եւ արտասահմանի գիտակրթական զանազան հաստատութիւններէ աւելի քան երեք տասնեակ հետազօտողներ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Մատենադարանի գիտական գծով փոխ-տնօրէն Վահէ Թորոսեան բացման ելոյթին մէջ նշեց, որ այս նախաձեռնութիւնը կառոյցի երիտասարդական գիտաժողովի տասնամեայ ընթացքի ամփոփման առաջին հանգրուանն է ու նոր շրջափուլի սկիզբը։ Ան բացատրեց, որ Մատենադարանի միջնադարագիտական գիտաժողովը մշտապէս եղած է ու կը մնայ թէ՛ տնօրէնութեան եւ թէ հայագէտներու աւագ սերունդի ուշադրութեան կեդրոնին։ Իր խօսքով՝ երէց գիտնականներու ներկայութիւնը մեծապէս կը նպաստէ արդիւնաւէտութեան բարձրացման։ «Գիտաժողովը ծառայած է՝ իբրեւ գիտական գիտելիքի ու հետազօտական կարողութիւններու ձեռքբերման եւ ամրապնդման կարեւոր հարթակ, նաեւ միջոց՝ բազմաթիւ սկսնակ կամ երիտասարդ հետազօտողներու համար», ըսաւ ան։
Վահէ Թորոսեան շեշտեց, որ այս ծրագրի պարագային խորքային փոփոխութիւնը պատահական չէ։ Մատենադարանը հետեւողականօրէն կ՚ընդլայնէ միջնադարագիտութեան ոլորտէ ներս համագործակցութիւնը հայագիտական հաստատութիւններու հետ։ Ուստի, գիտաժողովը ունի իր ուրոյն տեղը՝ հայագիտական միջազգային իրադարձութիւններու շարքին։
Գիտաժողովի կազմակերպիչ կոմիտէի ղեկավար Խաչիկ Յարութիւնն ալ ունեցաւ ելոյթ մը, որ ընդգծեց, թէ անցեալ տարիներուն բոլոր ջանքերը գործադրըւած են, որպէսզի գիտաժողովը հարստանայ եւ ուրոյն տեղ մը ապահովէ։ Ան շեշտեց, որ մասնակիցներու աշխարհագրութիւնն ալ պատկառելի է՝ Իտալիա, Ֆրանսա, Զուիցերիա, Ռուսաստան, Իսրայէլ, Աւստրիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Թուրքիա, Իրան եւ այլն։