ՓՈԽ-ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ԶՐՈՅՑ

Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան Մոսկուայի մէջ կարճատեւ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետ Եաղուպ Էյուպովի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) Տնտեսական խորհուրդի 104-րդ նիստի շրջանակներէն ներս։ Շուրջ 10 վայրկեան տեւեց փոխ-վարչապետներուն զրոյցը, որու բովանդակութեան մասին որեւէ մանրամասնութիւն չհաղորդուեցաւ։

Այս օրերուն Հայաստան դարձեալ բացակայեցաւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գագաթաժողովէն։ Այս միջոցառման մթնոլորտին մէջ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին վերջին օրերուն յայտնեց, որ սոյն կազմակերպութիւնը Հայաստանի նկատմամբ որեւէ թերացում չէ ունեցած, որովհետեւ երկրին դէմ արտաքին յարձակում մը տեղի չէ ունեցած։ Փութին յիշեցուց, որ 44-օրեայ պատերազմին ժամանակ Հայաստան չէր ճանչցած Արցախի անկախութիւնը կամ այդ մէկը չէր ներգրաւած իր տարածքին մէջ։

Բացի Փութինէն, Մոսկուայէն այլ յայտարարութիւններ ալ հնչեցին՝ հասցէագրուած Երեւանին։ Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Միխայիլ Կալուզին յայտնեց, որ Մոսկուա կ՚ակնկալէ Երեւանի հետ արդիւնաւէտ շփումներ ունենալ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) եւ ԱՊՀ-ի միջոցառումներու շրջանակներէն ներս։ Բաց աստի, ռուս բարձրաստիճան դիւանագէտը յայտնեց, որ Մոսկուա հաւատարիմ կը մնայ Երեւանի հետ ունեցած պայմանագրերու ամբողջ շրջանակին։ Ան յիշեցուց, որ տարիներէ ի վեր Հարաւային Կովկասէ ներս իր երկիրը կը ձեւաւորէ անվտանգութեան ճարտարապետութիւնը։ «Ռուսաստանի դերը այս հարցին մէջ միշտ պահանջուած կ՚ըլլայ՝ հաշուի առնելով տարածաշրջանի եւ ամբողջ աշխարհի աշխոյժ իրավիճակը։ Մենք պատրաստ ենք այս հրատապ նիւթին շուրջ Երեւանի հետ անկեղծ եւ առարկայական զրոյցի», աւելցուց Կալուզին։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 30, 2024