ԱՇԽՈՅԺ ՄԻՋՆՈՐԴՈՒԹԻՒՆ
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հանդէս եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերեալ յայտարարութիւնով մը։ Այս առթիւ շեշտուեցաւ, թէ Մոսկուա հասանելի բոլոր միջոցները կ՚օգտագործէ հակամարտ կողմերուն միջնորդական օժանդակութիւն ցուցաբերելու համար, ներառեալ բարձր մակարդակի հանդիպումները։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ռուսական կողմի յայտարարութեան մէջ ընդգծուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ առկայ բարդ իրադրութեան լոյսին ներքեւ Ռուսաստան աշխոյժ դեր խաղացած է հակամարտ կողմերուն միջնորդական օժանդակութիւն ցուցաբերելու հարցին մէջ՝ այս ուղղութեամբ օգտագործելով հասանելի բոլոր միջոցները, ներառեալ՝ ամենաբարձր ու բարձր մակարդակի հանդիպումները։ Համապատասխան նախաձեռնութիւնները հանգամանօրէն քննարկուած են Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի՝ Ապրիլին Երեւան եւ Յունիսին Պաքու կատարած այցելութիւններուն ընթացքին։ Նման քննարկումներ ծաւալւած են նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ՝ համապատասխանաբար Ապրիլին եւ Մայիսին անոնց կողմէ Մոսկուա տրուած պաշտօնական այցելութիւններուն ժամանակ։ Ըստ նոյն յայտարարութեան, Դեկտեմբերի սկիզբին Պելկրատի մէջ ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու (Ռուսաստան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա) պատուիրակութիւններու ղեկավարներու յայտարարութեան մէջ ամրագրուած է կողմերուն ուղղեալ հաստատակամ կոչը՝ հաստատել հաւատարմութիւնը հակամարտութեան խաղաղ լուծման եւ առկայ առաջարկներու հիման վրայ շարունակել համապարփակ կարգաւորման հասնելու նպատակաուղղուած աշխատանքը։
Վերջին օրերուն, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիուժա եւս կոչ ուղղեց՝ կանխել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հետագայ շիկացումը։ Ըստ իրեն, հակամարտութեան գօտիէն ներս առկայ իրավիճակը խոր մտահոգութեան պատճառ կը դառնայ։ «Մենք մեծ տագնապով կը հետեւինք այն զարգացումներուն, որոնք տեղի կ՚ունենան Կովկասի մէջ։ Յատկապէս ղարաբաղեան հակամարտութեան վերաբերեալ՝ շփման գծին վրայ արդէն ծանր զինատեսակներ կ՚օգտագործուին, հրասայլեր կ՚օգտագործուին, կան մարդկային զոհեր։ Ես կը կարծեմ, որ մեր պետութիւններու քաղաքական միջոցները պէտք է օգտագործել ու բացարձակ պէտք չէ թոյլ տալ իրավիճակի ապակայունացման, որպէսզի այսօր արդէն բաւական թէժ փուլի մէջ գտնուող հակամարտութիւնը չվերածուի լայնածաւալ ռազմական բախման», ըսաւ Պորտիուժա եւ աւելցուց, թէ նախ եւ առաջ անհրաժեշտ է գործադրել քաղաքական լծակները, օգտագործել պետութիւններու ղեկավարներուն հեղինակութիւնը։
Ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիէն ներս իրադրութեան սրման կապակցութեամբ մտահոգութիւն յայտնելու առընթեր, Նիքոլայ Պորտիուժա մեկնաբանեց լայնածաւալ պատերազմի մը սկսելու հաւանականութիւնը եւ ըսաւ. «Այսօր սա շատ սարսափելի հեռանկար մըն է, որովհետեւ պիտի բոցավառէ ամբողջ Կովկասը»։
Մոսկուայէն հնչած այս յայտարարութիւններու մթնոլորտին մէջ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ այցելեց Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանը։ Հայկական զինեալ ուժերու յառաջապահ դիրքերը այցելելով Նալպանտեան ծանօթացաւ ընդհանուր կացութեան։ Զինուորներուն հետ երկարատեւ զրոյց մը իրականացուց Նալպանտեան, որ խօսեցաւ հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղութեամբ Երեւանի կողմէ գործադրուող ջանքերուն, այլ երկիրներու հետ յարաբերութիւններուն, տարածքաշրջանային խնդիրներու վերաբերեալ Երեւանի մօտեցումներուն շուրջ։ Նախարարը պատասխանեց նաեւ սպաներու եւ զինուորներու զանազան հարցումներուն։ Ան վստահեցուց, որ հայ դիւանագէտները պիտի շարունակեն իրենց ջանքերը՝ յարատեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման նպատակով։
Հարկ է նշել, որ վերջին օրերուն Հայաստանի պետական աւագանիի գլխաւոր դէմքերն ու կառավարութեան անդամները իրերայաջորդ զօրամասեր կ՚այցելեն՝ Ամանորի առթիւ։
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով յայտարարեց, որ 2016 թուականին պիտի սկսին «Ղարաբաղի հողը պիտի այրի հայ զաւթիչներու ոտքերուն տակ» նախաբանով։