ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԻ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՌԹԻՒ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Երեւանի մէջ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ այս օրերուն տեղի կ՚ունենան զանազան ընդունելութիւններ, որոնք կը կազմակերպուին Հայաստանի պետական աւագանիի գլխաւոր դէմքերուն կողմէ։ Այս շրջագծով զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն ի պատիւ ալ կը սարքուին ընդունելութիւններ, որոնք առիթ կը հանդիսանան նաեւ յառաջիկայ տարուան սպասումներուն կապակցութեամբ պետական աւագանիին կողմէ պատգամներու փոխանցման։ Կը հաղորդուի, որ վերջին օրերուն մամլոյ սպասաւորներուն ի պատիւ ընդունելութիւն մը սարքեց Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան։ Իսկ երէկ Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի տանտիրութեամբ հիւրասիրուեցան մամլոյ սպասաւորները Երեւանի մէջ։
Լուսանկարին մէջ Յովիկ Աբրահամեան կ՚երեւի այդ ընդունելութեան ընթացքին «Արմէնփրէս» գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեանի հետ զրուցելու ընթացքին։