ԶՀԱՑ ՄԵՐ ՀԱՆԱՊԱԶՈՐԴ
Հաց պատրաստելը մարդկային քաղաքակրթութեան տեսակէտէ միշտ ունեցած է առանձնայատուկ նշանակութիւն։ Հաց պատրաստողին նկատմամբ վերաբերմունքն ալ եղած է տարբեր։ Նոր ժամանակները որքան որ ալ մարդկութեան կենցաղին, ապրելու պայմաններուն բերած ըլլան նորութիւններ, հացի արտադրութիւնը ընկերային առումով կը պահպանէ իր անփոխարինելի նշանակութիւնը։ Հասարակութեան մը մէջ, այդ հասարակութեան անդամներուն համար հաց պատրաստող մարդիկ արդէն ինքնաբերաբար ապացուցանած կ՚ըլլան իրենց դրական տրամադրութիւնը այդ նոյն հասարակութեան կամ ժողովուրդին տեսանկիւնէն։
Վերջին շրջաններուն Գումգաբուի մէջ բացուած «Լավաշ» փուռը յատկանշական օրինակ մըն է այս առումով։ Հայաստանէն արտագաղթելով Գումգաբու հաս-տատուած երեք չարքաշ անուններ կը բանեցնեն «Լավաշ»ը, որու արտադրանքը արդէն մեծ համբաւ ունի եւ այդ համբաւը աստիճանաբար աւելի կը տարածուի։ Յակոբ Կարապետեան եւ իր կողակիցը՝ Ծովինար Ղեւոնդեան Ժաննա Յովակիմեանի հետ յառաջ կը մղեն «Լավաշ»ի գործունէութիւնը։ Իսկապէս հետաքրքրական է անոնց ոդիսականը։ Արդարեւ, Հայաստանէն արտագաղթելով Թուրքիա եկած, Գումգաբուի մէջ կայք հաստատած այս երեք անունները այսօր կ՚արտադրեն հաց։ Թէեւ անոնք կարճ համարուելիք միջոցէ մը ի վեր կայք հաստատած են պատմական Իսթանպուլի մէջ, սակայն կ՚ընեն տեղացիին, հասարակութեան լիարժէք համարկած մարդոց բնորոշ գործ մը։
«Լավաշ»ի ջերմ երդիքին տակ Յակոբ Կարապետեանի հետ մեր ունեցած անմիջական զրոյցը առիթ հանդիսացաւ, որ ամենայն մանրամասնութեամբ վերահասու դառնանք իր եւ գործակիցներուն հետ իր կողմէ հիմնուած այս խորհրդանշական փուռի ոդիսականին։ Ան տասնհինգ տարիէ ի վեր կ՚ապրի Իսթանպուլի մէջ։ Երեւանէն հրաժեշտ առնելէ վերջ Յակոբ Կարապետեան Իսթանպուլի մէջ զբաղած է ատաղձագործութեամբ, արծաթագործութեամբ եւ հիւսուածեղէնով։ Իր ընտանիքի նախնիները 1940-ականներու երկրորդ կէսին ներգաղթած են Սովետական Հայաստան։ Յակոբ Կարապետեանի նախնիները աւելի առաջ ապրած են Թուրքիոյ մէջ ու Եղեռնի ժամանակ բռնած՝ Յունաստանի եւ Ռումանիոյ ճանապարհը։
Որքան որ հետաքրքրական է Գումգաբուի մէջ ականատես ըլլալ «Լավաշ» փուռին, նոյնքան ուշագրաւ են նաեւ Յակոբ Կարապետեանի Իսթանպուլի մէջ ունեցած դիտարկումներն ու փորձառութիւնները։ Ան «Լավաշ»էն ոչ հեռու կը բնակի իր ընտանիքին հետ եւ իր յաճախորդներուն կը մատուցէ բնական, անարատ նիւթերով արտադրութիւն մը։ Թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Թուրքիոյ մէջ ակնկալուած հացի տեսակները նոյնաժամանակ կ՚արտադրուին «Լավաշ»ի մօտ. օրինակ՝ լավաշ, մատնաքաշ, պաթոն, պուխանքա։ «Լավաշ»ի մօտ հացի տեսակներու առընթեր յաճախորդներուն կը տրամադրուին նաեւ ծաղարաններու յատուկ այլ տեսակներ. օրինակ՝ փոնչիք, փերաշքի։
Յակոբ Կարապետեան կը փափաքի մօտաւոր ապագային ընդլայնել իր խանութը, առաւել զանազանութիւն մտցնել իր տեսականիին մէջ ու «Լավաշ»ը վերածել նաեւ ճաշարանի մը, ուր մարդիկ հնարաւորութիւն պիտի ունենան համտեսելու հայկական խոհանոցին նմոյշները։ Ան մեզի յայտնեց, թէ անցեալ ամառ փորձած էին Գնալը կղզիի նպարավաճառներուն եւ խանութներուն մէջ «Լավաշ»ի արտադրանքը հասանելի դարձնել մեր համայնքի անդամներուն։ Բայց եւ այնպէս, Յակոբ Կարապետեան այդ հնարաւորութիւնը չէր ունեցած, որովհետեւ կղզիի նպարավաճառներն ու խանութները չէին կրցած իր առաջարկին ընդառաջ երթալ՝ միւս մեծ վաճառանիշներուն հետ ստորագրուած համաձայնութիւններուն բերումով։ Յամենայնդէպս, Յակոբ Կարապետեանի մօտ զգալի է վառ փափաքը, որպէսզի ան հայ համայնքի անդամներուն կարենայ մատուցել իր արտադրանքը եւ սա միայն նիւթական ակնկալութիւններով չի սահմանափակուիր։ Արդարեւ, Յակոբ Կարապետեան կը ձգտի, որ համայնքի հարազատները վայելեն «Լավաշ»ի աւանդական ու որակեալ տեսականին։
Յակոբ Կարապետեանի հետ զրուցելու ընթացքին տեղեկացանք նաեւ հետաքրքրական յաւելեալ մանրամասնութեան մը։ Արդարեւ, վերջին շրջաններուն «Լավաշ»ի մօտ կը պատրաստուին Ս. Պատարագի մասերը, որոնք Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ կը բաժնուին հաւատացեալներուն։ Յակոբ Կարապետեան այս հնարաւորութեան համար որդիական երախտագիտութեամբ կ՚արտայայտուի Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Անդրէաս Քհնյ. Յակոբեանի կողմէ որդեգրուած հայրական վերաբերմունքին կապակցութեամբ։
Եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն ներքեւ, Տէրունական աղօթքը ամէն անգամ արտասանելու ժամանակ հաւատացեալները կը կրկնեն «զհաց մեր հանապազորդ» արտայայտութիւնը։ Ըստ երեւոյթին, «Լավաշ»ի արտադրանքը արդէն մաս կազմած է մեր հաւատացեալներու հանապազօրեայ հոգեւոր հացին։