ԷՐՏՈՂԱՆ ՌԻԱՏԻ ՄԷՋ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան դէպի Ռիատ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ՝ Սէուտական Արաբիոյ Սելման Պին Ապտիւլազիզ Էլ Սուուտ թագաւորի հրաւէրին ընդառաջ։ Էլ Եամամա պալատին մէջ տեղի ունեցան նախագահին եւ թագաւորին բանակցութիւնները։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, այս առթիւ շեշտուեցաւ, թէ երկու երկիրները կը համարուին բարեկամ, եղբայր ու ռազմավարական գործընկեր, հետեւաբար Թուրքիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ համագործակցութիւնը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ՝ երբ տարածքաշրջանը կ՚անցնի նուրբ գործընթացէ մը։ Այս բոլորի հիման վրայ պայմանաւորուածութիւն գոյացաւ, որպէսզի Թուրքիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ ստեղծուի Բարձր մակարդակով ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդ մը։
Ըստ «Անատոլու» գործակալութեան, հանրապետութեան նախագահը եւ թագաւորը կանգ առին տնտեսութեան, առեւտուրի եւ ուժանիւթի բնագաւառներուն գլխաւորութեամբ երկկողմանի յարաբերութիւններուն բոլոր ուղղութիւններով թափ տալու կարեւորութեան վրայ։ Կողմերը կարծիքի փոխանակումներ ունեցան տարածքաշրջանի իրադրութեան շուրջ, մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձնելով Սուրիան, Իրաքը եւ Եմէնը։ Հարկ է նշել, որ տարածքաշրջանային խնդիրներու պարագային կը համընկնին Անգարայի եւ Ռիատի մօտեցումները։ Այս ամբողջին մէջ Թուրքիա եւ Սէուտական Արաբիա համոզուած են նաեւ, թէ անկարելի է Սուրիոյ մէջ անցումային գործընթաց մը իրականացնել՝ Պեշար Էսատի ղեկավարութեան պայմաններուն ներքեւ։ Կողմերը շեշտեցին նաեւ, թէ անընդունելի է իսլամը ահաբեկչութեան հետ նոյնացնելու հակումը ու բաց աստի անկարելի է ձեռնունայն մնալ այն ահաբեկչական կազմակերպութիւններու պարագային, որոնք կը չարաշահեն իսլամի հասկացութիւնները։
Ըստ քաղաքական մեկնաբաններուն, Էրտողանի այս այցելութիւնը նոր թափ պիտի ապահովէ Թուրքիա-Սէուտական Արաբիա յարաբերութիւններուն։ Ան երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Ռիատի մէջ եւ այս այցելութեան վերաբերեալ հիմնական ակնկալութիւններէն մին այն է, որ ուժանիւթի բնագաւառէն ներս կրնան արձանագրուիլ լուրջ արդիւնքներ։ Հաւանական է, որ Սէուտական Արաբիա յառաջիկայ շրջանին յառաջատար դիրք մը ունենայ՝ Թուրքիոյ ուժանիւթի մատակարարման միջոցներու տեսակաւորման առումով։
Ռիատի շփումները աւարտելէ վերջ Էրտողան երէկ երեկոյեան ժամերուն անցաւ Ճիտտէ։