ՅԱՋՈՂԱԳՈՅՆ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐՈՒ ՊԱՐԳԵՒՆԵՐ

Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ո­ղիմ­պիա­կան կո­մի­տէին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ Ա­մա­նո­րի սե­մին կազ­մա­կեր­պուած մաս­նա­ւոր ե­րե­կոյ­թով մը մե­ծա­րուե­ցան երկ­րի այս տա­րուան լա­ւա­գոյն տասն մար­զիկ­նե­րը։ Ձեռ­նար­կի պա­տուոյ հիւրն էր Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան, որ «Փա­րա­ւոն» հա­մա­լի­րէն ներս կազ­մա­կեր­պուած ե­րե­կոյ­թին ժա­մա­նակ հան­դէս ե­կաւ շնոր­հա­ւո­րու­թեան խօս­քով մը, նաեւ յանձ­նեց լա­ւա­գոյն մար­զիկ­նե­րուն պար­գեւ­նե­րը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 30, 2016