ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՒ ՄՀԵՐ ՄԿՐՏՉԵԱՆ
«Դերասանը պիտի կարենայ ամէն ինչ խաղալ: Դերասանը կը ներկայացնէ մարդը, իսկ մարդու էութեան մէջ թէ՛ լաց կայ, թէ՛ ծիծաղ եւ թէ կատակերգութիւն»:
Նման կարծիք ունեցած է դերասան Մհեր Մկրտչեան եւ իր դերասանական գործունէութեան ամբողջ ընթացքին ան հաւատարիմ մնաց իր համոզումին՝ խաղաց ամէն ինչ ու խաղաց մեծ վարպետութեամբ, արհեստավարժօրէն, անկրկնելի: Մնաց բոլորին յիշողութեան մէջ:
Երէկ Մհեր Մկրտչեանի ոգեկոչման օրն էր: 1993 թուականի Դեկտեմբերի 29-ին նշանաւոր հայ դերասան, Խորհրդային Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, շարժանկարի եւ թատրոնի մեծ կատակերգուն հրաժեշտ տուաւ կեանքին:
«Մհեր Մկրտչեան իրականութեան մէջ բացառիկ անձնաւորութիւն էր: Բնութիւնը անոր տուած էր ամէն ինչ՝ դերասանական ունակութիւն, խելք՝ յարաբերուելու մարդոց, դերասաններու, արուեստագէտներու հետ:
«Մեծ դերասան է: Ի հարկէ, իր մասին պէտք է յիշել, պէտք է խօսիլ իր մասին ժապաւէններով, հեռուստահաղորդումներով, որովհետեւ ատիկա թոյլ կու տայ երիտասարդներուն աւելի լաւ ճանչնալու մեր մեծերը, հասկանալու ինչ ճանապարհ անցած են անոնք, ինչպէս հասած են իրենց արուեստի գագաթնակէտը: Կարեւոր է տեսնել, իմանալ այդ ճանապարհը», ըսած է շարժարուեստագէտ, Հայկական ազգային շարժանկարի ակադեմիոյ խորհուրդի անդամ Անետա Երզնկեան:
Մհեր Մկրտչեան ծնած է Կիւմրի, 1930 թուականին: Հայրը ծագումով մշեցի էր, իսկ մայրը՝ վանեցի:
Կիւմրիի մէջ յաճախած է նկարչական ու երաժշտական դպրոցներ, միաժամանակ մասնակցած է թատերական ինքնագործ խմբակի մը: 1945-1946 թուականներուն ուսանած է Մռաւեանի անուան թատրոնին կից սթուտիոյի մէջ, աւարտելէ ետք, 1947 թուականին ընդգրկուած է նոյն թատրոնի հիմնական խումբին մէջ: Այս թատրոնին մէջ Մհեր Մկրտչեան խաղացած է տասնեակէ աւելի մեծ ու փոքր դերեր՝ ցուցաբերելով իր տարիքի համար անսովոր վարպետութիւն: 1953 թուականին ան տեղափոխուած է Սունդուկեանի անուան թատրոն։ Մինչ այդ կ՚ուսանէր գեղարուեստաթատերական հիմնարկին մէջ՝ ղեկավարութեամբ Վ. Վաղարշեանի:
Մհեր Մկրտչեան եթէ «հայֆիլմ»ի մէջ յաջողութեամբ կը մարմնաւորէր տրամաթիքական կերպարներ, ինչպէս՝ Նիկոլը («Հին օրերի երգը»), ապա այլ շարժանկարի սթիւտիոներ զայն կը հրաւիրէին բացառապէս կատակերգական դերերու համար: Ան կը նկարահանուի «Կովկասի գերուհին», «Այբոլիտ-66», «Միմինօ», «Ալի պապան եւ քառասուն աւազակները», «Ունայնութիւն ունայնութեան» ժապաւէններուն մէջ, որոնց մէջ մարմնաւորած կերպարներուն համար գնահատուած է պետական բարձր պարգեւներով:
Մկրտչեան արժանացած է Պետական մրցանակներու ԽՍՀՄ 1978 եւ 1979 թուականներուն, իսկ յետմահու՝ 2001 թուականին պարգեւատրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով։