ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԵՐ

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) ար­խի­ւը վեր­ջին օ­րե­րուն հարս­տա­ցաւ կարգ մը կա­րե­ւո­րա­գոյն փաս­տա­թուղ­թե­րով, ո­րոնք ազ­գա­յին ու պատ­մա­կան ա­ռու­մով ու­նին մեծ նշա­նա­կու­թիւն։

Ինչ­պէս ծա­նօթ է, ՀԲԸՄ-ի հիմ­նադ­րու­թեան 110-ա­մեա­կին ձօ­նուած յո­բե­լե­նա­կան հան­դի­սու­թիւն­նե­րու եզ­րա­փա­կիչ փու­լը վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Այդ տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րով պայ­մա­նա­ւո­րուած մթնո­լոր­տին մէջ, վեր­ջին օ­րե­րուն ՀԲԸՄ-ի Հա­յաս­տա­նի կեդ­րո­նը այ­ցե­լե­ցին Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի թան­գա­րան-կա­ճա­ռի տնօ­րէն Հայկ Տե­մո­յեան եւ «Փիւ­նիկ» բա­րե­գոր­ծա­կան հիմ­նար­կի պա­տուոյ նա­խա­գահ ու բա­րե­րար Գաբ­րիէլ Չեմ­պեր­ճեան։ ՀԲԸՄ-ի Հա­յաս­տա­նի մաս­նա­ճիւ­ղի նա­խա­գահ ու կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ան­դամ Վազ­գէն Եա­գու­պեան եւ Հա­յաս­տա­նի մաս­նա­ճիւ­ղի տնօ­րէն Յո­վիկ Էօր­տէ­քեան ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին Հայկ Տե­մո­յեանն ու Գաբ­րիէլ Չեմ­պեր­ճեա­նը, ո­րոնք յանձ­նե­ցին պատ­մա­կան ար­ժէ­քով եր­կու փաս­տա­թուղ­թեր։

Ա­ռա­ջին փաս­տա­թուղ­թը կը կրէ 22 Մա­յիս 1906 թուա­կա­նը եւ ՀԲԸՄ-ի հիմ­նա­դիր նա­խա­գահ Պօ­ղոս Նու­պար փա­շա­յի կող­մէ ստո­րագ­րուած նա­մա­կի մը բնա­գիրն է։ Պօ­ղոս Նու­պար փա­շա­յին կող­մէ բո­լոր ազ­գա­կից­նե­րուն ուղ­ղեալ այդ բնօ­րի­նակ նա­մա­կին մէջ կոչ ուղ­ղուած է բո­լոր ազ­գա­կից­նե­րուն, որ­պէս­զի ՀԲԸՄ-ի մաս­նա­ճիւ­ղեր հիմ­նուին ի­րենց բնա­կած եր­կիր­նե­րուն մէջ։ Երկ­րորդ փաս­տա­թուղթն է՝ ՀԲԸՄ-ի յայտ­նի «Հրա­ւէր առ հա­մօ­րէն հայս» վե­րանգ­րով պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թեամբ փաս­տա­թուղ­թի տպա­գիր օ­րի­նա­կը՝ ՀԲԸՄ-ի Գա­հի­րէի մաս­նա­ճիւ­ղի կնի­քով։ Այս փաս­տա­թուղ­թը ա­ռա­ջին ան­գամ հրա­պա­րա­կուած է 1906 թուա­կա­նի Մա­յիս 1-ին, երբ հրա­պա­րա­կաւ կը յայ­տա­րա­րուէր նո­րաս­տեղծ ՀԲԸՄ-ի հիմ­նադ­րու­թեան, գոր­ծու­նէու­թեան ու նպա­տակ­նե­րուն մա­սին։

ՀԲԸՄ-ի տե­սա­կէ­տէ շատ ար­ժէ­քա­ւոր այս փաս­տա­թուղ­թե­րը յայտ­նա­բե­րուած են Հայկ Տե­մո­յեա­նի կող­մէ, որ Գաբ­րիէլ Չեմ­պէր­ճեա­նի ա­ջակ­ցու­թեամբ զա­նոնք ձեռք­բե­րած է։ Ա­նոնց հա­մա­տեղ ո­րո­շու­մով փաս­տա­թուղ­թե­րը նուի­րուած են ՀԲԸՄ-ին։

ՀԲԸՄ-ի աղ­բիւր­նե­րը պաշ­տօ­նա­պէս շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած են Հայկ Տե­մո­յեա­նին եւ Գաբ­րիէլ Չեմ­պէր­ճեա­նին՝ 110-ա­մեա­կի յո­բե­լե­նա­կան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին յանձ­նուած այս անգ­նա­հա­տե­լի նուէր­նե­րուն հա­մար։ Նոյն աղ­բիւր­նե­րը շեշ­տած են, որ փաս­տա­թուղ­թե­րը խնամ­քով ի պահ պի­տի դրուին ՀԲԸՄ-ի հա­րուստ ար­խի­ւին մէջ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 30, 2016