ՍԹԱՓԵՑՄԱՆ ՊԱՀԱՆՋ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղեց, որպէսզի միջազգային հանրութիւնը սթափեցնէ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ պատահած վերջին իրադարձութիւնները խոր մտահոգութիւն կը պատճառեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին տեսակէտէ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, երէկ առաւօտեան շատ կանուխ ժամերուն Ատրպէյճանի զօրքերը ոտնձգութիւն մը կատարեցին Հայաստանի պետական սահմանին դէմ։ Ազէրի զինուորներ փորձեցին ներթափանցել հայկական սահմանէն ներս։ Դէպքը պատահեցաւ Ատրպէյճանի սահմանակից Տաւուշի մարզի Չինարի գիւղի մերձակայքին։ Բախումներու հետեւանքով երկու կողմերն ալ ունեցան կորուստներ։
Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ անմիջապէս արձագանգեց այս պատահարին։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որով խստագոյնս դատապարտեց երկրի սահմանին վրայ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած ներթափանցման փորձը, որ պատճառ դարձած է մարդկային կորուստներու։ Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ խորին ցաւակցութիւն յայտնուեցաւ զոհերու հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն։
«Այն պայմաններուն մէջ, երբ տակաւին յաղթահարուած չէ Ապրիլին Արցախի դէմ Ատրպէյճանի բռնութեան հետեւանքով կարգաւորման գործընթացին կրած լրջագոյն վնասը, Պաքու կը դիմէ նոր արկածախնդրութեան՝ կոպտօրէն խախտելով Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի գագաթաժողովներուն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, հիմնահարցը խաղաղ միջոցներով կարգաւորելու յանձնառութիւնը։ Պաքու այսպէս կը պատասխանէ Համպուրկի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն հնչեցուցած յստակ պահանջին՝ անվերապահօրէն պահպանել 1994-1995 թուականներու զինադադարի համաձայնագրերը», ըսուած է յայտարարութեան մէջ։
Ըստ նոյն յայտարարութեան, եռանախագահներու միջոցաւ բազմիցս կոչ ուղղուած է յարգել զինադադարը յատկապէս տօնական օրերուն։ Իրականացնելով ռազմական ներթափանցման փորձը Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներու նախաշեմին՝ Պաքու դէմ դուրս կու գայ համամարդկային արժեհամակարգին։ «Միջազգային հանրութիւնը, առաջին հերթին՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրները, անյապաղ քայլերով պէտք է սթափեցնեն իրենց կոչերն ու պահանջները յանդգնօրէն արհամարհող անոնց հակառակող, իրականութեան զգացումը կորսնցուցած Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը», եզրափակուած է յայտարարութիւնը։
Իր կարգին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեանն ալ երէկ տեղեկացուց, որ հայկական դիւանագիտութիւնը համապատասխան միջոցներու կը ձեռնարկէ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած ներթափանցման փորձին վերաբերեալ։
Երէկ առաւօտեան շատ կանուխ ժամերուն, Հայաստանի սահմանակից Տաւուշի մարզի Չինարի գիւղի հարաւ-արեւելքին Ատրպէյճանի զօրքերը կատարեցին ներխուժման փորձ մը, որու հետեւանքով հայկական կողմը ունեցաւ երեք նահատակ։ Ըստ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրներուն, հայ նահատակներն են՝ Շաւարշ Մելիքեան (սպայ), Էդգար Նարայեան եւ Էրիք Աբովեան։ Նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ հայկական կողմը վիրաւորներ չունի եւ տեղի ունեցած սադրանքի ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը վիճակի Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան։ Նախարարութիւնը երէկ բախումներուն վերաբերեալ կատարուած առաջին հաղորդումներուն զուգահեռ տեղեկացուցած էր, որ Հայաստանի զինեալ ուժերը լիովին կը վերահսկեն իրավիճակը՝ կանխելով հակառակորդի ոտնձգութիւնները։ Հայկական զինեալ ուժերը մարտի բռնուած են հակառակորդի հետ սահմանի յիշեալ հատուածէն ներս։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը տիրապետէ Ատրպէյճանի կողմէ երկրի սահմանի խախտման վերաբերեալ անհերքելի ապացոյցներուն։ Հայկական զինեալ ուժերուն կողմէ կ՚իրականացուին որոնողական-մաքրման աշխատանքներ։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի զօրքերը տուած են եօթ զինծառայողի կորուստ։ Ազէրի զօրքերը ունեցած են նաեւ վիրաւորեալներ։ Անոնց կորուստներէն ոմանց դիակները յայտնաբերուած են հայկական դիրքերու մօտակայքին։
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները երէկ յստակօրէն տեղեկացուցին, որ հայկական զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները չէզոքացուցած են Ատրպէյճանի զօրքերուն նախայարձակ գործողութիւնները։ Պաշտպանութեան նախարարութիւնն ալ բաժնած է նահատակներու ծանր վիշտը եւ իր ցաւակցութիւնը յայտնած՝ անոնց հարազատներուն։
ՀԱՊԿ-ԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ
Միւս կողմէ, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ) արձագանգեց երէկ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ պատահած դէպքերուն։ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիուժա յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ դէպքին կապակցութեամբ։ Ըստ իրեն, ՀԱՊԿ-ի անդամ երկրի տարածքէն ներս տեղի ունեցած գործողութիւնը կը համարուի սադրիչ։ ՀԱՊԿ-ի քարտուղարութիւնը առանձնայատուկ տագնապով ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան Չինարի գիւղի մերձակայքին տեղի ունեցած զինեալ միջադէպին մասին տեղեկութիւնը։
«ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութեան տարածքէն ներս տեղի ունեցած այդ գործողութիւնները կը գնահատենք սադրիչ, յատակապէս այս տարուան Ապրիլին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ծանր սպառազինութեան եւ զինատեսակներու կիրառմամբ տեղի ունեցած բաւական լուրջ միջադէպի ֆոնին վրայ։ Կը թուէր, որ երկու երկիրներու, ինչպէս նաեւ շարք մը պետութիւններու ղեկավարներու գործադրած ջանքերուն շնորհիւ, ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը վերջապէս կ՚աշխուժանայ։ Սակայն, վերջին շրջանին կրակի դադրեցան պայմանաւորուածութեան պարբերական խախտումներու մասին տարածքաշրջանէն հասած տեղեկութիւնները, ինչպէս նաեւ զինուորներու մահուան տեղի տուած՝ Դեկտեմբերի 29-ի հերթական դէպքը կը յառաջացնէ լուրջ մտահոգութիւն», նշուած է Պորտեուժայի յայտարարութեան մէջ, որ զետեղուած է ՀԱՊԿ-ի պաշտօնական կայքէջին վրայ։