ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ՀՐԱԴԱԴԱՐ

Թուր­քիոյ եւ Ռու­սաս­տա­նի ե­րաշ­խա­ւո­րու­թեամբ, կէս գի­շե­րուան դրու­թեամբ հրա­դա­դար հաս­տա­տուե­ցաւ Սու­րիոյ մէջ։ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան աղ­բիւր­նե­րը ե­րէկ տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ Սու­րիոյ մէջ հա­կա­մարտ բո­լոր կող­մե­րուն մի­ջեւ հա­մա­ձայ­նու­թիւն գո­յա­ցած է՝ կէս գի­շե­րուան դրու­թեամբ հրա­դա­դա­րի հաս­տատ­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թինն ալ ե­րէկ պաշ­տօ­նա­պէս տե­ղե­կա­ցուց, որ Ան­գա­րա եւ Մոս­կուա ե­րաշ­խա­ւո­րի դեր ստանձ­նած են այս ուղ­ղու­թեամբ։

«Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, այս հա­մա­ձայ­նու­թե­նէն դուրս թո­ղուած են այն խմբա­ւո­րում­նե­րը, ո­րոնք ՄԱԿ-ի անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դին կող­մէ կը հա­մա­րուին ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ։ Ե­թէ կա­րե­լի ըլ­լայ հրա­դա­դա­րը տե­ւա­կա­նաց­նել, ա­պա քա­ղա­քա­կան լուծ­ման ո­րո­նում­նե­րու շրջագ­ծով կող­մե­րը յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին սե­ղա­նի գլուխ պի­տի նստին Աս­տա­նա­յի մէջ։ Իր կարգին, Փու­թինն ալ անդ­րա­դար­ձաւ Աս­տա­նա­յի այս հա­ւա­նա­կան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն, սա­կայն ա­ռանց ո­րե­ւէ ժամ­կէտ նշե­լու։ Ըստ ռուս ղե­կա­վա­րին, հրա­դադա­րին պի­տի յա­ջոր­դեն Աս­տա­նա­յի հաշ­տու­թեան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը՝ Սու­րիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն, ընդ­դի­մու­թեան եւ ներ­քին պա­տե­րազ­մի այլ կող­մե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ։

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու ե­րէկ ող­ջու­նեց Սու­րիա­յէ ներս հրա­դա­դա­րի հաս­տատման ուղ­ղու­թեամբ ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւ­նը։ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւնն ալ ե­րէկ տե­ղե­կա­ցուց, որ Թուր­քիա քա­նի մը օր ա­ռաջ Հա­լէ­պէն կա­տա­րուած մար­դա­սի­րա­կան տար­հա­նումնե­րուն ա­ւար­տե­լուն եւ Սու­րիա­յէ ներս հրա­դա­դա­րի հաս­տատ­ման ուղ­ղու­թեամբ հա­մա­ձայ­նու­թեան ա­պա­հով­ման ճա­նա­պար­հին ո­րո­շիչ դեր խա­ղա­ցած է։

Միւս կող­մէ, Էր­տո­ղան եւ Փու­թին ե­րէկ տե­սակ­ցեցան հե­ռա­ձայ­նով։ Զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ա­նոնք քննար­կե­ցին Սու­րիոյ հրա­դա­դա­րին եւ Աս­տա­նա­յի մէջ նա­խա­տե­սուած հա­ւա­նա­կան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու նա­խա­պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­ր։

Իր կարգին, Էրտողան յայտնեց, որ այս հրադադարի հնարաւորութիւնը պէտք է լաւ օգտագործել եւ առիթը պէտք չէ մսխել։ «Խաղաղութեան համար ամէն ջանք պիտի գործադրենք», ըսաւ նախագահը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 30, 2016