ՏԱՐԵՄՈՒՏԻՆ ՎԵՐՅԻՇՈՒՄ

Հայաստանի Հանրապետութեան աւագանին շաբաթավերջին այցելեց Երեւանի «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնը։ Երկրի բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ էր նաեւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Ամանորի ընդառաջ բոլորը յարգանքի տուրք մատուցին այն նահատակներուն նկատմամբ, որոնց շնորհիւ իրականութիւն դարձաւ հայոց նորագոյն անկախութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետն ալ աղօթք արտասանեց նահատակներու հոգւոցն ի հանգիստ։

Մինչ այդ, 2020 թուականի գալուստին առթիւ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը, որուն մասնակցեցան պետական կառավարման համակարգի բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ։ Նոյնպէս ներկայ էր նաեւ Նորին Սրբութիւնը, որու հետ էին բարձրաստիճան եկեղեցականներ։

Հաւաքոյթի ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ ըսաւ. «2020 թուականին պէտք է աւելի շօշափելի եւ տեսանելի դարձնենք դրական փոփոխութիւնները»։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2019