ԱՆԿԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՓՈՐՁԱՔԱՐ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ ամփոփ յայտարարութիւններ ըրաւ Լաչինի միջանցքի փակման մասին։ Ըստ իրեն, այս վերջին իրադարձութիւնները, անկասկած, Հայաստանի տեսակէտէ անկեղծութեան ստուգման փորձաքար պիտի ըլլան։

«Եղբայրական Ատրպէյճանի հետ սերտ համագործակցութիւնը կը շարունակուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Անգարա Երեւանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ իր քայլերը սերտօրէն կը համակարգէ Պաքուի հետ։ Լաչինի ճանապարհի վերջին իրադարձութիւնները, անկասկած, Հայաստանի համար անկեղծութեան ստուգման փորձ պիտի ըլլան։ Անընդունելի են եղբայրական Ատրպէյճանի հանքերը թալանելու փորձերը», յայտնեց Չավուշօղլու։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 30, 2022