ԸՍՏ ՌՈՒԲԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԻ, ՇՐՋԱՓԱԿՈՒՄԸ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՇՈՈՒՆ Է

Արցախի Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան երէկ հարցազրոյց մը տուաւ «France24» հեռուստակայանին։ Լեռնային Ղարաբաղի պաշարումով, Լաչինի միջանցքի փակ վիճակով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ, Ռուբէն Վարդանեան Ստեփանակերտէն տեսակապով միացաւ այս հեղինակաւոր հեռուստակայանի ուղիղ եթերին։ Այս առթիւ ան խօսեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին եւ այդ շրջափակման պատճառներուն մասին։

Բնապահպանի տեսքով Լաչինի միջանցքը փակած Ատրպէյճանի պաշտօնեաներուն անդրադառնալով՝ հարցազրոյցի ընթացքին Ռուբէն Վարդանեան ըսաւ. «Սա իրականութեան մէջ ո՛չ թէ բնապահպանական շարժում է, այլ Ատրպէյճանի կողմէ կազմակերպուած շոու մը»։ Ռուբէն Վարդանեան շեշտեց, որ Արցախի մէջ 120 հազար հոգի ձմեռը չունի վառելանիւթ, դեղօրայք, սնունդ, ճանապարհը փակ է, կան բաժանուած ընտանիքներ, կան երեխաներ, որոնք մնացած են առանց ծնողի։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Ռուբէն Վարդանեան մեկնաբանեց նաեւ Արցախի ռուս խաղաղապահներու գործունէութիւնը. «Գիտէք, ես շատ երկիրներու մէջ հետեւած եմ խաղաղապահներու աշխատանքին. օրինակ՝ ֆրանսացիները, որոնք շատ անգամ ուղարկուած են Ափրիկէ։ Մենք բոլորս գիտենք, որ սա սովորաբար կ՚ենթադրէ սահմանափակ թիւով զինուորներ, սահմանափակ լիազօրութիւն եւ զէնք գործածելու սահմանափակ իրաւունքներ։ Ուստի, մէկ կողմէ հասկնալի է ժողովուրդի հիասթափութիւնը, բայց, միեւնոյն ժամանակ, մենք պէտք է գիտակցինք, որ առանց աւելի լայն լիազօրութեան, առանց աւելի մեծ թիւով զինուորներու, առանց իրենց տան մէջ ապրող եւ 35 տարի իրենց անկախութեան համար պայքարած հայերը պաշտպանելու, աւելի յստակ իրաւունքներու ապագայ չ՚ըլլար։ Ուստի, կը կարծեմ, թէ շրջափակումը ցոյց տուաւ, որ ուրկէ՞ պէտք է աւելի մեծ եւ ուժեղ լիազօրութիւն ստանալ՝ ներառեալ ՄԱԿ-ը»։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 30, 2022