ԿԻՒՄՐԻԻ ՄԷՋ ՀՐԴԵՀ. ԶՈՀ ՄԸ

Հայաստանի մէջ Կիւմրի քաղաքէն ներս շաբաթավերջին ծագեցաւ հրդեհ մը, որ խլեց նաեւ զոհ մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Շիրակի մարզի պատկան իշխանութիւնները տեղեկացուցին, որ հրդեհը ծագած է երէկ առաւօտեան շատ կանուխ ժամերուն։ Դէպքը պատահած է քաղաքի Շիրակացիի թաղամասի տուներէն մէկուն մէջ։

Հրշէջ գունդը նախ բոցերը նախակշռի տակ առած, ապա ալ հրդեհը մարած է։ Դէպքէն վերջ յայտնաբերուած է դիակը Խ. Ս.-ի, որ ծնած էր 1971 թուականին։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2024