ԵՐԿԱՐԱՏԵՒ ԼՈՒԾՈՒՄ

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նո­րան­շա­նակ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ռեքս Թի­լըր­սըն պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նեց աշ­խա­տե­լու հա­մար Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի հետ՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ։ ԱՄՆ-ի Ծե­րա­կոյ­տի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վէն ներս Թի­լըր­սըն ը­սաւ. «Ե­թէ ստանձ­նեմ պե­տա­կան քար­տու­ղա­րի պաշ­տօ­նը, պի­տի աշ­խա­տիմ Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րուն հետ՝ խա­ղաղ, եր­կա­րա­տեւ լու­ծում մը գտնե­լու ուղ­ղու­թեամբ, ինչ որ թոյլ պի­տի տայ տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս հաս­տա­տել կա­յու­նու­թիւն եւ բար­գա­ւա­ճում։ Այս գոր­ծըն­թա­ցէն ներս ա­ռա­ջին քայ­լը պէտք է ըլ­լայ վստա­հու­թեան հաս­տա­տու­մը։ Այդ մէ­կը պի­տի ե­րաշ­խա­ւո­րէ, որ­պէս­զի կող­մե­րու մի­ջեւ հաս­տա­տուած հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րը յար­գուին», ը­սաւ Թի­լըր­սըն։

Ծե­րա­կու­տա­կան Էտ Մար­քէ­յի հարց­ման պա­տաս­խա­նե­լով՝ Թի­լըր­սըն անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ Թուր­քիոյ կող­մէ Հա­յաս­տա­նի շրջա­փակ­ման հար­ցին։ Այդ շրջա­փակ­ման դադ­րեց­ման ա­ռըն­չու­թեամբ Թի­լըր­սըն ը­սաւ. «Կող­մե­րու հետ իմ քննար­կում­նե­րուն ժա­մա­նակ ես պի­տի ա­ջակ­ցիմ Հա­յաս­տա­նի եւ Թուր­քիոյ մի­ջեւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան, տնտե­սա­կան եւ քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւոր­ման։ Տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս ԱՄՆ-ի ա­ռաջ­նոր­դու­թիւ­նը եւ յանձ­նա­ռու­թիւ­նը պի­տի նպաս­տեն անհ­րա­ժեշտ վստա­հու­թեան հաս­տատ­ման՝ յա­նուն Թուր­քիոյ եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բա­րե­լաւ­ման»։

­Թի­լըր­սըն ա­ւել­ցուց, որ ԱՄՆ-ի շա­հե­րէն կը բխի Հա­յաս­տա­նի հետ ա­ռեւտ­րա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գա­ցու­մը։

Ծե­րա­կոյ­տէն ներս ու­նե­ցած ե­լոյ­թին ըն­թաց­քին  Ռեքս Թի­լըր­սըն յայտ­նեց նաեւ, որ պի­տի ե­րաշ­խա­ւո­րէ կրօ­նա­կան փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու եւ ա­նոնց սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թիւ­նը՝ նե­րա­ռեալ Թուր­քիոյ հայ հա­մայն­քը։

ԹՐԱՄՓԷՆ ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

Միւս կող­մէ, Ա­մե­րի­կեան The Washington Times պար­բե­րա­կա­նը հրա­պա­րա­կած է յօ­դուած մը, ուր անդ­րա­դառ­նա­լով  Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին՝ գրած է, որ Տա­նըլտ Թրամփ «պատ­մա­կան հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նի ար­դա­րա­ցիօ­րէն վաստ­կե­լու հե­ղի­նա­կա­ւոր  Խա­ղա­ղու­թեան նո­պէ­լեան մրցա­նա­կը», ե­թէ ան յա­ջո­ղի հաշ­տեց­նել Հա­յաս­տանն ու Ատր­պէյ­ճա­նը:

«Տա­նըլտ Թրամփ պատ­մա­կան հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նի Խա­ղա­ղու­թեան նո­պէ­լեան մրցա­նակ ստա­նա­լու, ե­թէ գոր­ծարք­ներ կնքե­լու իր հմտու­թիւն­նե­րը կի­րա­ռէ աշ­խար­հի ա­մե­նա­բարդ հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րէն մէ­կուն՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի խնդրի կար­գա­ւոր­ման հա­մար», գրած է յօ­դուա­ծի հե­ղի­նակ Ռոպ Սոպ­հա­նին:

Հրա­պա­րակ­ման հա­մա­ձայն՝ «Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւո­րու­մը Տա­նըլտ Թրամ­փի եւ ա­նոր ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան հար­ցե­րով անձ­նա­կազ­մին հա­մար կա­րե­ւոր է նաեւ ա­նով, որ ա­նի­կա ցոյց կու տայ՝ ար­դեօք Վլա­տի­միր Փու­թին կ՚ու­զէ՞ դառ­նալ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու գոր­ծըն­կե­րը հա­մաշ­խար­հա­յին մա­կար­դա­կի վրայ հա­կա­մար­տու­թիւն­ներ լու­ծե­լու հար­ցով, թէ ան կը նա­խընտ­րէ՞ վար­պե­տօ­րէն ի­րեն վե­րա­պա­հել  թէժ կէ­տե­րը՝ յա­նուն Մոս­կուա­յի ռազ­մա­վա­րա­կան շա­հե­րուն:

«Ո­ւա­շինկ­թըն, ցա­ւօք, չա­փա­զանց զբա­ղած էր Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի մէջ, որ­պէս­զի կա­րե­նար ստանձ­նել Ե­րե­ւա­նի եւ Պա­քուի մի­ջեւ կա­յուն խա­ղա­ղու­թիւն հաս­տա­տե­լու հար­ցով ա­ռաջ­նոր­դի դե­րը: Թէ՛ Հա­յաս­տան եւ թէ՛ Ատր­պէյ­ճան ար­ժա­նի են տե­ւա­կան խա­ղա­ղու­թեան: Թրամփ կրնայ խա­ղա­ղու­թիւն ա­պա­հո­վել Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մի­ջեւ՝ գտնե­լով այն­պի­սի լու­ծում, որ ար­դար պի­տի ըլ­լայ եր­կու կող­մե­րուն հա­մար ալ: Թրամ­փի յա­ջո­ղու­թիւ­նը ազ­դակ պի­տի ըլ­լայ ամ­բողջ աշ­խար­հի հա­մար, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ կրկին հա­մաշ­խար­հա­յին կա­յու­նու­թեան հաս­տատ­ման գոր­ծին ծա­ռա­յէ», գրուած է յօ­դուա­ծին մէջ:

Երեքշաբթի, Յունուար 31, 2017