ՇԻՇԼԻԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ ՀԱՅՐԻ ԻՆԷՕՆԻՒ ԱՅՑԵԼԵՑ ՍՈՒՐԲ ՅԱԿՈԲ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ

Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ երէկ այցելեց Սուրբ Յակոբ հիւանդանոց։ Հոգաբարձութեան ատենապետ Պեռնար Սարըպայ եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին քաղաքապետը, որուն կ՚ընկերանային քաղաքապետարանէն կարգ մը պաշտօնատարներ։

Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ քաղաքապետի այցելութիւնը կը կրէր քաղաքավարական բնոյթ։ Զրոյցի բովանդակութեան մասին մանրամասնութիւններ չհաղորդուեցան։

Չորեքշաբթի, Յունուար 31, 2018