ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ ԵՌՕՐԵԱՅ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՒԱՐՏԻՆ ՀԱՄԱՏԵՂ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի Ժընեւի երկօրեայ բանակցութիւնները երէկ եզրափակուեցան։ Նախարարներու հանդիպումը տեղի ունեցաւ միջնորդութեամբ ու մասնակցութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն՝ Իկոր Փոփովի (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթիի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըրի (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկի։ Մնացականեան եւ Մամետեարով երկօրեայ քննարկումներէն առաջ առանձին հանդիպումներ ալ ունեցած էին միջնորդներուն հետ։ Այսպէսով, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացէն ներս Ժընեւի մէջ տեղի ունեցան եռօրեայ բանակցութիւններ, որոնց աւարտին կողմերը հանդէս եկան համատեղ յայտարարութեամբ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները համաձայնած են մօտաւոր ապագային դարձեալ հանդիպիլ՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու հովանաւորութեան ներքեւ։ Ժընեւի եռօրեայ խտացեալ քննարկումներու ընթացքին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներն ու նախարարները կանգ առին օրակարգային հետեւեալ հարցերուն վրայ.

ա.- 2019 թուականին ձեռք բերուած համաձայնութիւններու եւ քննարկուած առաջարկներու իրականացումը եւ ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու ուղղեալ հաւանական յաջորդ քայլերը,

բ.- Ապագայ կարգաւորման հիմքը հանդիսացող սկզբունքներն ու տարրերը,

գ.- Կարգաւորման գործընթացը յառաջ մղելու ուղղեալ ժամանակացոյցը եւ օրակարգը։

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները վերահաստատեցին հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ կողմերուն աջակցելու եւ կարգաւորման գործընթացի խորհրդապահութեան սկզբունքին նկատմամբ իրենց լիակատար յանձնառութիւնը։ Անոնք նշեցին արդար եւ տեւական խաղաղութեան ձեռքբերման համար ստեղծագործ մօտեցման եւ փոխադարձ զիջումներու ոգիի անհրաժեշտութիւնը։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան եւս Ժընեւի եռօրեայ բանակցութիւններու աւարտին հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Այսպէս, Զօհրապ Մնացականեան շեշտած է այս գործընթացին Արցախի ժողովուրդի ընտրեալ ներկայացուցիչներու ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը։

Միւս կողմէ, Հայաստանի նախկին ազգային անվտանգութեան նախարարներէն Դաւիթ Շահնազարեան վերջին բանակցութիւններու աւարտին հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով, որոնց բովանդակած պնդումները ստեղծեցին լայն արձագանգ։ Ան ըսաւ հետեւեալը. «Ժընեւի մէջ կ՚ընթանան բովանդակային բանակցութիւններ, կը քննարկուի հարցերու լայն շրջանակ։ Անոնցմէ առանցքայիններէն են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայերու եւ ատրպէյճանցիներու համատեղ բնակեցման գօտիներու ստեղծումը, առաջին հերթին կը բանակցուի Շուշիի հարցը, ինչպէս նաեւ բովանդակային բանակցութիւններու խտացումը։ Այս իսկ համատեսքին մէջ նախօրէին Ժընեւի մէջ ընթացող բանակցութիւններուն զուգահեռ՝ Պաքուի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Լի Լիտցենպերկ սեփական նախաձեռնութեամբ հանդիպեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի ատրպէյճանական համայնքի ղեկավար Թուրալ Կենճալիեւի հետ»։

Աննա Նաղդալեան երէկ երեկոյեան ժամերուն տեղեկացուց, որ Դաւիթ Շահնազարեանի կատարած վերլուծութիւններուն մէջ որեւէ աղերս չի տեսներ իրականութեան հետ։ «Դաւիթ Շահնազարեանի կողմէ կատարուած վերլուծութիւնները գուցէ կրնան գրաւիչ ըլլալ ատրպէյճանական կողմի կամ զանոնք տարածող շրջանակներուն համար, սակայն անոնց հիմնական թերութիւնն է, որ որեւէ աղերս չունին այսօրուան իրականութեան հետ», ըսաւ բանբերը։

Ուրբաթ, Յունուար 31, 2020