ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՏԵՍԱՐԱՆԸ…

Մեծ ուրախութեամբ Երեւանը պաշտօնապէս ընդունեց Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան նախագահ Ապտիւլֆեթթահ Էլ Սիսիի կարճատեւ այցելութիւնը։ Եգիպտոսը մեծ տագնապէ մը դուրս բերած Սիսի Երեւան կը հասնէր Պաքուէն եւ հրապարակուած բոլոր հաղորդագրութիւնները կը խօսէին, որ այցելութիւնը ինքնին կը կրէ պատմական բնոյթ, որովհետեւ Սիսի առաջին անգամ կ՚այցելէր Հարաւային Կովկաս։

Պաքուի մէջ, Սիսիին առջեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ մասնաւորապէս Լեռնային Ղարաբաղի մասին տուաւ գնահատականներ։ Անկախ անոնց կապակցութեամբ Երեւանի պաշտօնական հակազդեցութենէն՝ Սիսիի Հայաստան այցելութիւնը հեռու է իր մէջ քաղաքական լուրջ խթաններ ունենալու դրոյթներէ։ Գիտենք, որ երկու երկիրները՝ Հայաստան ու Եգիպտոս ունին երկարամեայ դիւանագիտական կապեր։ Գիտենք նաեւ, որ Հայաստանէն մէկէ աւելի բարձրաստիճան գործիչներ՝ նախագահներ կամ վարչապետներ այցելած են Գահիրէ, ուր արժանացած են յաւուր պատշաճի ընդունելութեան։ Այս բոլորէն անդին, բոլորիս համար արդէն յստակ է նաեւ, որ մասնաւորապէս վերջին տարիներուն Հայաստանի քաղաքացիներուն համար զբօսաշրջային ամենանախընտրելի ուղղութիւններէն դարձած են Եգիպտոսի կարգ մը ծովեզերեայ քաղաքները, որոնք այսօրուան դրութեամբ կը համարուին Միջերկրականի ամենամատչելի ու հրապուրիչ զբօսավայրերը։ Տակաւին չենք խօսիր Աղէքսանդրիոյ, բայց մանաւանդ՝ Գահիրէի հայկական համայնքներուն մասին, որոնք ունեցած են պատմական փայլուն անցեալ եւ այսօր ալ արաբական կտրուածքով կը համարուին կոկիկ ներկայացուցչական հանգամանքով գաղութներ։ Այս բոլորը կան, սակայն այս բոլորը «փոր չեն կշտացներ»։

Եգիպտոս մօտաւոր անցեալին կը համարուէր արաբական աշխարհի թիւ մէկ «տինամօ» երկիրը։ Այսօր ան տարբեր ձեւաչափերով ձեւափոխած է իր քաղաքական ներկայութիւնը եւ անոր պետական կառոյցներուն համար առանցքային օրակարգը խիտ բնակչութեան հարցերով ծանրաբեռնուած է, նաեւ կենցաղի տէր այս երկիրը տանիլ դէպի արդիական ժամանակներ։ Արաբականութիւնը, որ ժամանակին շրջանին մէջ կարեւորագոյն զէնք մըն էր Գահիրէի ձեռքերուն, չունի առաջուան գրաւչութիւնը։ Իսկ «մեծ» Մերձաւոր Արեւելքի կտրուածքով Գահիրէի մօտաւոր անցեալի դերը՝ որպէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քաղաքական գործընկեր, դարձեալ ձեւափոխուած է։ Անշուշտ, այստեղ կան բազում շերտեր, որոնց մասին կարելի է գրել այլ առիթներով, սակայն, արտաքին՝ մասնաւորապէս Հարաւային Կովկասի պարագային փաստ մըն է, թէ Գահիրէ չունի յստակ ծրագիր մը։

Եգիպտական «Ալ Ուաթան» թերթը, օրինակի համար, նախագահ Սիսիի այցելութիւնը գնահատած է՝ որպէս նոր նուաճում մը, որ կը կատարուի երկրի ղեկավարին կողմէ ու այնտեղ եւս Հայաստանը չ՚առանձնացուիր այս այցի պարագային, այլ կը նշուին երկու հակառակորդ երկիրները՝ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը։ Ու հոսկէ եւս կրնանք հասնիլ այն համոզումին, թէ այցելութիւնը՝ մանաւանդ Սիսիի կողմէ անհատական այս նախաձեռնութիւնը չունի իր մէջ միայն Հայաստանը՝ որպէս գործընկեր կամ ուղղուածութիւն։ Սա շատ կարեւոր փաստ մըն է գործիչի մը կողմէ, որ առնուազն վերջին տարիներուն կարողացաւ շատ նուրբ թելերով դառնալ արաբական աշխարհի ամենահեղինակաւոր, նաեւ կշռուած գործիչներէն մին։ Ալ չեմ խօսիր Եգիպտոսի քաղաքական-ռազմական կշիռին մասին, որուն ներուժով ալ ան կը փորձէ հասարակաց լեզու մը գտնել զանազան առումներով մասնատուած եւ տարաձայնութիւններու մէջ ինկած արաբական պետութիւններուն միջեւ։ Ճիշդ է, որ հինէն ի վեր Եգիպտոս վերցուցած է համաարաբականութեան դրօշակը ու շնորհիւ այդ մէկուն, կը փորձէ իր սրտին վրայ՝ Գահիրէի մէջ պահել Արաբական լիկան, հետեւաբար նաեւ արաբական աշխարհի քաղաքական ընդհանրութեան գլխաւոր հարթակը։

Ու այս բոլորը հաշուի առնելով՝ նախագահ Սիսի կը շարժի շատ չափաւոր քայլերով եւ կը փորձէ ամէն գնով շարունակել հաւաքական խօսք մը, հաւաքական նկարագիր մը եւ հաւաքական անվտանգութիւն մը մէջտեղ բերելու ուղղեալ իր ճիգերը։ Բազում առումներով ներքին հիմնահարցեր ունի երկիրը, ինչ որ թոյլ չի տար, թէ Եգիպտոս ստանձնէ առաջնային դեր մը։ Նկատելի է, որ այս երեւոյթին դէմ յանդիման Սիսի տարբեր առումներով ստիպուած կ՚ըլլայ իր դիրքերէն զիջիլ արաբական այն պետութեանց դիմաց, որոնք այսօր ունին տնտեսական, հետեւաբար նաեւ քաղաքական մեծ ներուժ եւ դարձած են բազում առումներով ազդեցութեան տէր երկիրներ։

Այս պրիսմակով դիտելէ ետք ամբողջ տեսարանը՝ Հայաստանին կը մնայ ճիշդ հասկնալ իրականութիւնները եւ շարժիլ միայն անոնց լոյսին ներքեւ։ Միայն օրինակ մը տալու համար հարկ է, անշուշտ, հաշուի առնել Գահիրէի կողմէ Երեւան-Ռիատ յարաբերութիւնները վերջապէս լոյսին հանելու գործընթացը, որ տարբեր առումներով կրնայ դրական մեծ լիցքեր տալ։ Խնդիրը, սակայն, Երեւանի անկեղծ վերաբերումն է ու անկէ անդին ալ՝ համաարաբական աշխարհին իսկապէս բացուելու եւ արաբական աշխարհը գործընկեր դարձնելու որոշումը, որ ցայսօր տակաւին հեռու կը մնայ իրականութիւն դառնալէ։ Հայկական նեղմտութեան, Հայաստանը կղզիացած պահելու մօտեցումները, տակաւին նոր ճանապարհներ եւ նոր ուղղութիւններ ընդգծելու բացակայութիւնը կը շարունակեն երկիրը պահել աշխարհէն կտրուած։ Ճիշդ է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահը՝ Արմէն Սարգսեան, դէպի արաբական աշխարհ բացուելու կարեւոր փորձեր ըրաւ, սակայն, անոնք խոցելի էին, որովհետեւ համակարգային չէին։ Այսօր եւս Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի նոյնանման, թէկուզ նուազ քարիզմաթիք, փորձերը կրնան նոյն ճակատագրին ենթարկուիլ։ Արդարեւ, Երեւանի տեսակէտէ գլխաւոր բացական քաղաքական կամքի դրսեւորումն է։

Այսքանը արձանագրենք հաշուի առնելով Սիսիի Երեւան այցելութիւնը՝ միշտ ի մտի ունենալով, որ դէպի արաբական աշխարհ ուղղուելու համար Գահիրէի կողմէ բացուած ճանապարհները հարկ է օգտագործել եւ այդ ամէն ինչը հարկ է ընել հմուտ կերպով, բաց խաղով ու արաբներուն հետ յարաբերութեան մէջ դնելով՝ դարաւոր անցեալով հայ-արաբական բարեկամութեան բարերար ստուերները։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունուար 31, 2023