ԱՆՇԵՂ ՍԿԶԲՈՒՆՔ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ նախանձախնդրութեամբ գործադրել Մոնթրէօյի համաձայնութիւնը։
Նախարար Հաքան Ֆիտան վերջին օրերուն ուղեւորութիւն մը իրականացուց դէպի Պալքաններ։ Ալպանիոյ շփումներէն վերջ ան երէկ այցելեց Պուլկարիա։ Սոֆիայի ղեկավարութեան կողմէ ան հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Օրուան տեւողութեան Ֆիտան բանակցութիւններ վարեց Պուլկարիոյ փոխ-վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Մարիա Կապրիէլի հետ, նաեւ ընդունուեցաւ նախագահ Ռումէն Ռատեւի եւ վարչապետ Նիքոլայ Տենքովի կողմէ։ Ի լրումն այս բոլորին, Պուլկարիոյ խորհրդարանէն ներս ալ հանդիպումներ ունեցաւ Ֆիտան, որու դէպի Պալքաններ ուղեւորութեան այսօրուան փուլը կը հանդիսանայ Ռումանիան։
Սոֆիայի քննարկումներուն ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկան միջազգային եւ տարածաշրջանային բնոյթով հարցերը։ Հաքան Ֆիտան յայտնեց, որ Թուրքիա Մոնթրէօյի համաձայնութեան գործադրիչ երկիրն է եւ այդ համաձայնութեան վէճի բացուիլը մէկ կողմ՝ նոյնիսկ այդ բանը միտքէն չ՚անցըներ։ Նախարարը ընդգծեց, որ Թուրքիա կը կարեւորէ Սեւ ծովէ ներս անդորրութեան պահպանումը։ Այս առումով Անգարայի հիմնական առաջնահերթութիւններու շարքին է՝ կանխել այն բոլոր հաւանական քայլերը, որոնք այդ անդորրութիւնը կրնան վտանգել։
Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի առկայ ընթացքը Եւրոպայի անվտանգութեան տեսակէտէ ռիսքերը բարձրացուցած է եւ մօտաւոր ապագային ուղղեալ վտանգներն ու նախազգուշական միջոցները հետզհետէ կը բարձրաձայնուին զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն կողմէ։ Այս առումով Մոնթրէօյի համաձայնութիւնն ալ ունի առանցքային նշանակութիւն եւ թրքական կողմը պատկան երկիրներուն հետ դիւանագիտական շփումները կը խտացնէ այս շրջանին։