ԱՆԽՈՒՍԱՓԵԼԻ ՔԱՅԼ

Հա­յաս­տա­նի ֆութ­պո­լի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նի ա­ւագ մար­զիչ Պեռ­նար Շա­լանտ ե­րէկ հրա­ժա­րե­ցաւ իր պաշ­տօ­նէն։ Զուի­ցե­րա­ցի ա­ւագ մար­զի­չին հրա­ժա­րա­կա­նը ար­դէն ըն­դու­նուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ֆութ­պո­լի դաշ­նակ­ցու­թեան նա­խա­գահ Ռու­բէն Հայ­րա­պե­տեա­նի կող­մէ։

Այս հրա­ժա­րա­կա­նը ձե­ւով մը կը նկա­տուէր ան­խու­սա­փե­լի։ Ար­դա­րեւ, «Եւ­րօ 2016»ի ո­րա­կա­ւոր­ման հանգ­րուա­նի խա­ղե­րու սկիզ­բին մեծ յոյ­սե­րով պաշ­տօ­նի կո­չուած էր Պեռ­նար Շա­լանտ՝ յա­ջոր­դե­լով Վար­դան Մի­նա­սեա­նին։ Դժբախ­տա­բար, զուի­ցե­րա­ցի ա­ւագ մար­զի­չը չկրցաւ ար­դա­րաց­նել իր վրայ դրուած յոյ­սե­րը։ Ճիշդ է, որ ան ձա­խոր­դու­թիւն­ներ ապ­րե­ցաւ, ո­րով­հե­տեւ հայ­կա­կան ընտ­րա­նիին քա­նի մը կա­րե­ւո­րա­գոյն տար­րե­րը նոյ­նա­ժա­մա­նակ կազ­մէն հե­ռու մնա­ցին վի­րա­ւո­րուած ըլ­լա­լու պատ­ճա­ռով, սա­կայն Պեռ­նար Շա­լանտն ալ ընդ­հա­նուր առ­մամբ այդ գոր­ծըն­թաց­նե­րը չկրցաւ կա­ռա­վա­րել՝ ար­հես­տա­վար­ժու­թեան ակն­կա­լուած մա­կար­դա­կով։

«Եւ­րօ 2016»ի ո­րա­կա­ւոր­ման հանգ­րուա­նին Հա­յաս­տան նոյ­նիսկ զի­ջեց այն­պի­սի խում­բե­րու, ո­րոնց նկատ­մամբ մին­չեւ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին կը հաս­նէր ա­ռա­ւե­լու­թեան։ Վեր­ջին օ­րի­նա­կը ապ­րուե­ցաւ Կի­րա­կի ե­րե­կո­յեան, երբ հայ­կա­կան ընտ­րա­նին պար­տու­թիւն կրեց Ալ­պա­նիոյ դի­մաց։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Պեռ­նար Շա­լանտ Հա­յաս­տա­նի Ֆութ­պո­լի դաշ­նակ­ցու­թեան պա­տուի­րա­կու­թեան հետ յա­տուկ թռիչ­քով Ալ­պա­նիա­յէն վե­րա­դար­ձաւ Ե­րե­ւան եւ ան­մի­ջա­պէս ներ­կա­յա­ցուց իր հրա­ժա­րա­կա­նի դի­մու­մը։ Ռու­բէն Հայ­րա­պե­տեանն ալ ըն­դու­նեց այդ հրա­ժա­րա­կա­նը եւ այս­պէ­սով փա­կուե­ցաւ իր շրջա­նը։

Հա­յաս­տա­նի Ֆութ­պո­լի դաշ­նակ­ցու­թեան պաշ­տօ­նա­կան կայ­քէ­ջին մի­ջո­ցաւ Պեռ­նար Շա­լանտ հան­դէս ե­կաւ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը։ Այս առ­թիւ ան ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ֆութ­պո­լի դաշ­նակ­ցու­թեան, ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նի մար­զիչ կազ­մին եւ հա­մա­կիր­նե­րու մա­սին։ «Ես Հա­յաս­տան ե­կայ շուրջ տա­րի մը ա­ռաջ՝ ու­նե­նա­լով միայն մէկ նպա­տակ՝ յաղ­թա­հա­րել Եւ­րո­պա­յի ա­ռաջ­նու­թեան ո­րա­կա­ւոր­ման փու­լը Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նին հետ։ Սա մեծ մար­տահ­րա­ւէր մըն էր ին­ծի հա­մար։ Իմ պայ­մա­նագ­րին մէջ յստակ նշուած էր, որ մենք պէտք է հա­ւա­քենք ո­րա­կա­ւոր­ման փու­լը յաղ­թա­հա­րե­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ միա­ւոր­ներ, հա­կա­ռակ պա­րա­գա­յին ես պէտք է լքեմ իմ պաշ­տօ­նը։ Այս իսկ պատ­ճա­ռով, ին­ծի հա­մար հի­մա ա­մէն ինչ պարզ է։ Բնա­կա­նա­բար չորս խա­ղե­րու ար­դիւն­քին մէկ միա­ւո­րը ան­բա­ւա­րար է՝ նոյ­նիսկ հա­շուի առ­նե­լով, որ մենք այս մրցա­փու­լի գրե­թէ բո­լոր խա­ղե­րուն ժա­մա­նակ ու­նե­ցած ենք կո­րուստ­ներ։ Բաց աս­տի, իւ­րա­քան­չիւր խա­ղի ժա­մա­նակ բան մը մե­զ խան­գա­րեց։ Մխի­թա­րեա­նի եւ Ար­զու­մա­նեա­նի վնա­սուածք­նե­րը՝ Դա­նիոյ հետ հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ, Մար­կո­սի մսխած փե­նալ­թին՝ Սեր­պիոյ դէմ խա­ղին, Համ­բար­ձու­մեա­նի կար­միր քար­տը՝ Ալ­պա­նիոյ դէմ խա­ղին։ Ե­թէ ա­մէն խաղ տե­ւէր 70 վայր­կեան, մենք կ՚ու­նե­նա­յինք 10 միա­ւոր։ Սա կը նշա­նա­կէ, որ մեր ընտ­րած կազ­մը կամ մար­տա­վա­րու­թիւ­նը խա­ղե­րու հա­մար այդ­քան ալ վատ չէր, ուղ­ղա­կի վեր­ջա­ւո­րու­թեան բան մը կը պակ­սէր։ Ան­կախ ա­մէն ին­չէ՝ ես չեմ փնտռեր ար­դա­րա­ցում­ներ։ Խնդի­րը կա­տա­րուած չէ։

«Ի հար­կէ, մենք չկա­րո­ղա­ցանք ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նի հետ հաս­նիլ ցան­կա­լի ար­դիւն­քի, բայց ի­րա­կա­նա­ցու­ցինք շատ լուրջ ծրա­գիր ֆութ­պո­լի զար­գաց­ման հա­մար՝ ձե­ւա­ւո­րե­լով Հա­յաս­տա­նի մին­չեւ տաս­ն­­չորս եւ տաս­ն­­հինգ տա­րե­կան­նե­րու հա­ւա­քա­կան­նե­րը։ Թե­րեւս այդ իսկ տղա­նե­րը հե­տա­գա­յին պի­տի կազ­մեն Հա­յաս­տա­նի ա­պա­գայ հա­ւա­քա­կա­նին կո­րի­զը։ Բայց ես կը հաս-կնամ, որ իմ հիմ­նա­կան գոր­ծը Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նի յա­ջող խաղն էր եւ լաւ ար­դիւն­քը։ Ա­յո, ես հիաս­թա­փուած եմ ար­դիւն­քէն», նշեց իր յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ Պեռ­նար Շա­լանտ եւ հե­տա­գայ յա­ջո­ղու­թիւն­ներ մաղ­թեց Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նին։ Ան շեշ­տեց, որ ինք կը տես­նէ Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նի նե­րու­ժը եւ յոյս ու­նի, թէ օր մը հայ­կա­կան ընտ­րա­նին հան­դէս պի­տի գայ Եւ­րո­պա­յի կամ Աշ­խար­հի ա­խո­յե­նու­թեան մէջ։  

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2015