ԷՐՏՈՂԱՆ ԼԻՈՒՊԼԻԱՆԱՅԷՆ ԱՆՑԱՒ ՊՐԱԹԻՍԼԱՒԱ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ շփումներ ունեցաւ Սլովենիոյ մայրաքաղաքը՝ Լիուպլիանայի մէջ։ Էրտողան, որ այս օրերուն երեք իրերայաջորդ պաշտօնական այցելութիւններ կ՚իրականացնէ, արդէն այսօր շփումներ կ՚ունենայ Սլովաքիոյ մայրաքաղաքը՝ Պրաթիսլաւայի մէջ։
Լիուպլիանայի մէջ Էրտողան երէկ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Սլովենիոյ Նախագահ Պորութ Փահորի կողմէ ան դիմաւորուեցաւ զինուորական արարողութեամբ։ Նախագահները առանձնազրոյց մը ունեցան դիմաւորման արարողութենէն վերջ եւ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Էրտողան մատնանշեց, թէ Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան գործընթացէն ներս Սլովենիա միշտ ցուցաբերած է աջակցութիւն, իսկ Թուրքիան ալ Սլովենիոյ ի նպաստ ամուր զօրակցութիւն ցոյց կու տայ ՆԱԹՕ-էն ներս։
Երկու երկիրներուն միջեւ երէկ ստորագրուեցան նաեւ շարք մը փաստաթուղթեր, որոնք կը նախատեսեն զանազան բնագաւառներէ ներս համագործակցութեան զարգացումը։
Էրտողան եւ Փահոր Լիուպլիանայի մէջ երէկ մասնակցեցան նաեւ Թուրքիա-Սլովենիա գործարար ֆորումին, որու ընթացքին հանդէս եկան ելոյթներով։
Օրուան տեւողութեան Սլովենիոյ Վարչապետ Միրօ Ճերարի հետ ալ մէկտեղուեցաւ Էրտողան, որու ի պատիւ Պրտոյի բերդին մէջ ընթրիք մըն ալ կազմակերպեց իր պաշտօնակիցը՝ Փահոր։